ԱՄՆ-ի Մէջ Մահացած Է Համայնքային Գործիչ Ճորճ Եակուբեանը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/03/George-S.-Yacoubian.jpg)
Փետրուար 29-ին ծանր հիւանդութենէ ետք 79 տարեկան հասակին իր մահկանացուն կնքեց համայնքային գործիչ, յաջողակ դեղագործ Ճորճ Եակուբեան: Այս մասին կը յայտնէ «Հայերն այսօր»-ը:
Ճորճ Եակուբեան Ցեղասպանութեան վերապրածներու զաւակ էր` ծնած Ֆիլատելֆիոյ մէջ: Յաջողակ դեղագէտը երկար տարիներ ծառայած է հայ համայնքին` ղեկավարելով հայկական կազմակերպութիւններ:
36 տարի շարունակ ըլլալով «Վարդանանց ասպետներ» կազմակերպութեան անդամ` 2002-ին ան ընտրուած է նաեւ իբրեւ աւագ սպարապետ: