Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն. Փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեան Ներկայացուց «Հայ Աշուղական Արուեստը» Նիւթով Դասախօսութիւնը

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, հինգշաբթի 3 մարտին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գէորգ եւ Հերմինէ Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ աշուղական արուեստը» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց «Սայաթ-Նովա» համոյթի գեղարուեստական ղեկավար փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեան:
Փրոֆ. Պօղոսեան հաստատեց, որ աշուղական արուեստը, ժողովրդական երգերուն կողքին, հայ մշակոյթի ամէնէն հարուստ գանձարանն է, սակայն անիկա անուշադրութեան մատնուած է: Այս իմաստով, փրոֆ. Պօղոսեան ուզեց զանազանել աշուղական արուեստը նախ գուսանական արուեստէն, ապա ժողովրդականէն: Ան բացատրեց, թէ այս առաջին երկու արուեստները իրար նման են իբրեւ երգ յօրինելու արուեստներ, սակայն գուսանական արուեստը գոյութիւն ունի հեթանոսական ժամանակաշրջանէն ի վեր եւ ունի 3000 տարուան երգացանկ, որ կ՛ընդգրկէ հայ դիցաբանութեան պանթէոնի աստուածներուն դիւցազներգութիւնները, ինչպէս` «Վահագնի ծնունդը»: Գուսանական երգն ու երաժշտութիւնը կը յատկանշուին ազատ ոճով` չունին յանգաւորում եւ տաղաչափութիւն: Իսկ աշուղական արուեստը աւելի կարծր է, անոր մէջ ծանրակշիռ տեղ կը գրաւեն ճշգրիտ տաղաչափութեան դասական օրէնքները: Պօղոսեան աւելցուց, որ աշուղական արուեստը Հայաստան թափանցած է արաբական աշխարհէն` 14-րդ եւ 15-րդ դարերուն. «աշուղ» բառին արմատը արաբերէն «աշք» բառն է, որ «սէր» կը նշանակէ: Առաջին աշուղը, որուն թրքերէնով, բայց հայերէն տառերով գրուած ստեղծագործութիւններուն ձեռագիր տետրակը հասած է Հայաստան, Ղուլ Օղլի Երզնկացին էր: Մեզի ծանօթ է Նահապետ Քուչակը, որուն գերեզմանը կը գտնուի Վասպուրականի մէջ, ուր կ՛այցելեն յղի կիներ` դիւրին ծննդաբերութեան համար: Գերեզմանը դարձած է ուխտատեղի: Վերջապէս, փրոֆ. Պօղոսեան մատնանշեց, որ կարելի չէ երգ մը կոչել ժողովրդական պարզապէս որովհետեւ անոր հեղինակին անունը մոռցուած է: Այս իմաստով, «Սայաթ-Նովա» համոյթը ստանձնած է մոռցուած աշուղները վերարժեւորելու եւ անոնց ստեղծագործութիւնները վերականգնելու առաքելութիւնը: Ժողովրդականին եւ աշուղականին միջեւ տարբերութիւնը կը կայանայ այն կէտին մէջ, որ առաջինին մեղեդիները բերանացի փոխանցուած են սերունդէ-սերունդ, իսկ երկրորդը կ՛ենթադրէ «վարպետ-սան» յարաբերութեան ճամբով մասնագիտական ուսուցումը: Աշուղականը, ըստ փրոֆ. Պօղոսեանի, ժողովրդականին մասնագիտական թեւն է: Դարձեալ ժողովրդական երգերու մասին խօսելով` Պօղոսեան նշեց, խորհրդային համակարգի ժամանակաշրջանին ապրած եւ այդ համակարգին համապատասխան ուսում ստացած արուեստագէտներուն խորթ թուեցան աշուղական մեղեդիները, որովհետեւ անոնց մէջ կ՛արձագանգէին նաեւ քրտական մշակոյթէն յառաջ եկած եղանակներ: Կոմիտասը եղաւ այն նուիրեալ երաժշտագէտը, որ սահմանը գծեց քրտականին եւ հայկականին միջեւ` ջնջելով յատկապէս կէս նոթաները աշուղական երաժշտութեան մէջէն, ինչպէս նաեւ եկեղեցական շարականներուն մէջէն: Ան իր ուսումնասիրութիւնները յատկացուցած է աշխարհին եւ հայուն ցոյց տալու համար հայ արմատական երաժշտութիւնը` ժողովրդականը: Այսուհանդերձ, Կոմիտասի գրառած երաժշտութիւնները հնչեցին եւրոպական ոճով. հայ գիւղացին իր «մաքրուած», այլ խօսքով` եւրոպականացուած երգը չճանչցաւ:
Ինչ կը վերաբերի Սայաթ Նովային, այն աշուղին, զոր վրացիները կը նկատեն վրացի, թուրքերը` թուրք, իսկ հայերը` հայ, այժմ, կրնանք հաստատել, որ Ստեփանոս վրդ. Սայաթեանը` Սայաթ Նովան հայ է` տրուած ըլլալով, որ անտրամաբանական է, որ վրացին կամ թուրքը հայ եկեղեցիին ծառայած ըլլայ… Այսուհանդերձ, այլ ազգերու մշակութային կամ այլ արժէքները իւրացնելու միտումով, Սայաթ Նովայի հանրածանօթ երգը, որ արուեստագէտը նուիրած է իր իսկ նուագարանին` քամանչային, դարձած է թրքական Գորշ Գայլեր կուսակցութեան քայլերգը…
Փրոֆ. Պօղոսեան իր խօսքը փակեց ըսելով, որ հայ մշակոյթին շտեմարանը հայրենիքն է, եւ երբեք կարելի չէ մեր գիտելիքները ամբողջացնել, որովհետեւ մեր մշակոյթը շատ հարուստ է, այնքան հարուստ, որ մենք նոյնիսկ անոր ամբողջովին տիրապետելու կարողութիւնը չունինք:
Երբ «Սայաթ-Նովա» համոյթին անդամները իրենց նուագարաններով իրենց տեղերը գրաւեցին բեմին վրայ, փրոֆ. Պօղոսեան ներկայացուց իւրաքանչիւր նուագարան եւ անոր մասին բացատրութիւններ տուաւ, որմէ ետք համոյթը իր երգացանկէն կտորներ հրամցուց երաժշտասէր ներկաներուն: Արուեստագէտները կատարեցին աշուղ Ջիւանիի «Անթեւ թռչուն»-ը, գուսան Աշոտի «Լոյսը բացուել է»-ն եւ այլ երգեր:
Վերջապէս, փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեան Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան օրինակներ նուիրեց հետեւեալ գիրքերէն. «Գանձարան աշուղական արուեստի», որ կ՛ընդգրկէ 1913-էն 1921 թուականներուն պատկանող աշուղական երգերու ցանկ մը, «Հայոց երգերու ազատամարտը», որ կը պարունակէ հարիւր երգեր, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր երգի մէջ փառաբանուած հերոսին կենսագրականը, եւ վերջապէս` «Աշուղ Ջիւանի, անյայտ երգեր», որուն հեղինակը փրոֆ. Պօղոսեանն է: Վերջինս իր խոնարհումը արտայայտեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, որ աւելի քան 80 տարիներէ ի վեր յանձն առած է լիբանանահայ գաղութին հայ մշակութային արժէքները փոխանցելու պատասխանատուութիւնը:
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով Թամար Սնապեան-Սուրճեան շնորհակալութիւն յայտնեց «Սայաթ-Նովա» համոյթին, որ այս հարստացնող դասախօսութեամբ եւ կենդանի կատարողութեամբ յագեցուց երաժշտասէր ներկաներուն հետաքրքրութիւնը:
Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ: