Լամուրէօ նուագախումբի յայտագրին մաս կը կազմէ Խոճալուի «ջարդերու» զոհերուն նուիրուած գործ

Ֆրանսական հանրածանօթ Լամուրէօ սէնֆոնիք նուագախումբը Շան զ՚Էլիզէի թատրոնի իր նոր համերգի յայտագրին մէջ ընդգրկած է Խոճալուի «ջարդերու» զոհերուն համար Փիէր Թիլուայի յօրինած «Խոճալու 613» գործը, կը գըրէ «Նոր Յառաջ»-ը:

Այս առթիւ, Թիլուայի մտերիմ բարեկամ, իր հայամէտ դիրքորոշումով ծանօթ փիլիսոփայ, գրող Միշէլ Օնֆրէ յայտարարած է, թէ ներկայ պիտի չըլլայ համերգին, ինչպէս ծանուցուած էր նախապէս (յայտագրի ծանուցումին մէջ ալ կ՚ըսուի թէ «Օնֆրէ դժբախտաբար պիտի չկարենայ ներկայ ըլլալ»):

Հոս կ՚արժէ նշել, թէ «Nouvelles d’Arménie Magazine»ի տուած հարցազրոյցի մը մէջ Միշէլ Օնֆրէ, պատասխանելով Արա Թորանեանի հարցումներուն, ի մէջ այլոց, կ՚ըսէ թէ անցեալ Յուլիսին, երգահան իր բարեկամ՝ Փիէր Թիլուայի հրաւէրով Պաքու գացած էր: Իսկ այն հարցումին, թէ այդ այցելութիւնը ի՞նչ տպաւորութիւն թողած է իր վրայ, Օնֆրէ կը պատասխանէ. «Բարեկամութեան սկզբունքները կը սիրեմ յարգել եւ չեմ ուզեր աւելի մանրամասնութիւն տալ։ Բայց, ուժգին անհանգստութիւն կը զգամ»։

Հիմա աւելի յստակ կը դառնայ, թէ ուրկէ՞ կու գայ այդ անհանգստութիւնը:

Scroll Up