Վարդանանցն Ու Սիրոյ Օրը՝ Սահակ—Մեսրոպ Վարժարանէն Ներս

Հինգշաբթի, Փետրուար 4ի յետմիջօրէին, Սահակ— Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ վարժարանի մատրան մէջ ներկայ էր խուռներամ բազմութիւն մը։ Ծնողներ, մեծ հայրեր—մայրեր եւ բարեկամներ եկած էին վայելելու իրենց զաւակներու՝ Վարդանանց զօրավարաց յիշատակի յայտագիրը։
Առաջին առիթով Սոնա Պատալեանի բարեգալուստի խօսքէն ետք, Գ. դասարանի աշակերտները հրամցուցին փոքր ներկայացում մը, որուն մէջ Վարդան, Ղեւոնդ Երէց եւ Յազկերտ Բ. հիւրաբար կ՛այցելեն Սահակ—Մեսրոպ վարժարանը։
Այս փոքրիկները կարծես ըլլային մէկական դերասաններ, որոնք հեզասահ եւ համարձակ կերպով կը կատարէին իրենց վստահուած բաժինները՝ հրապուրելով ներկաները։
Ապա մանկապարտէզէն եօթներորդ կարգերը, դասարանային կարգով կատարեցին խմբային արտասանութիւններ եւ խմբերգներ, ու ծափողջոյններով գնահատուեցան ներկաներուն կողմէ։
Բոլորն ալ հայրենասիրական ոգիով տոգորուած, սիրով եւ միահամուռ, աշխուժօրէն երգեցին եւ արտասանեցին՝ փաստելով, որ իրենք իսկապէս Վարդանի ժառանգորդներն են, եւ խոստանալով ամուր պահել իրենց կրօնքն ու ազգութիւնը։
Ահաւասիկ օրինակելի աշակերտներ, որոնք իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին «Վասն Յիսուսի եւ վասն հայրենեաց»ին, դառնալու համար տիպար հայեր եւ հպարտանալով, որ այս օտար ափերուն վրայ կը սնին հայրենասիրական ոգիով, կը խօսին ու կ՛երգեն հայերէն՝ բարձր պահելով իրենց ազգն ու հայրենիքը։
Յայտագիրը եզրափակուեցաւ Բարեկենդանին յատուկ արտասանութեամբ եւ բարի կենդանութիւն մաղթելով բոլորին։ Ծնողներ հոգեպէս լիցքաւորուած եւ գոհունակ սրտով՝ վերադարձան իրենց տուները։
Իսկ Ուրբաթ, Փետրուար 12ին, Սիրոյ օրուան նախատօնակը կատարուեցաւ դպրոցէն ներս՝ կազմակերպութեամբ դպրոցիս ծնողական մարմինին։ Դպրոցիս շրջափակը զարդարուած էր սրտաձեւ փուչիկներով, իսկ առաւօտեան ժամերէն իսկ հայկական երաժշտութիւնը կը սփռուէր ամէնուրեք։
Աշակերտներ, ուսուցիչներ եւ ծնողներ աշխուժօրէն կը պարէին։ Կերուխում, ուրախ մթնոլոտ կը տիրէր ամէն կողմ։
Ուրախութիւնը եւ ոգեւորութիւնը հասաւ գագաթնակէտին, երբ կէսօրէն ետք, հանրածանօթ եւ սիրուած երգիչ Յարութ Փամպուքճեան մուտք գործեց դպրոցի շրջափակը եւ հայկական երգերով ճոխացուց մթնոլորտը։
Փաթիլ եւ Սինթիա Ալպարեանները հայկական տարազներով հրամցուցին հայկական պարեր, ապա ժամանակ տրամադրելով՝ հայկական շուրջպարեր սորվեցուցին բոլորին։ Մեծեր ու փոքրեր շուրջպարերով ընկերակցեցան երգերուն, եւ խանդավառ մթնոլորտով վերջ գտաւ օրուան յայտագիրը։
Մաղթենք, որ Սիրոյ օրը բոլորին համար սիրալիր վերաբերմունք եւ համերաշխութիւն սփռելու առիթ ըլլայ, որպէսզի բոլորս, Աստուծոյ օրհնութեամբ, շարունակենք համերաշխութեամբ ապրիլ այս երկրին մէջ՝ պահելով մեր ինքնութիւնը։
ՍՈՆԱ ՊԱՏԱԼԵԱՆ
Ասպարէզ