Հայ Ընտանեկան Շաբաթօրեայ Վարժարանի Արձանագրութիւնները Կը Շարունակուին

 Իրաքահայերու ընտանեկան միութեան Հայ ընտանեկան շաբաթօրեայ վարժարանի տնօրէնութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Փետրուար 27ին սկսած արձանագրութիւնները կը շարունակուին տակաւին եւ տեղի պիտի ունենան նաեւ Շաբաթ, Մարտ 5ին ու 12ին, առաւօտեան ժամը 10-12, իսկ դասերը պիտի սկսին Շաբաթ, Մարտ 19ին։

Հասցէն է՝ 214 West Fairview Ave., Glendale, CA 91202 (Incarnation Community Center):

Հայեցի դաստիարակութիւն մատուցող վարժարանը կ՛ընդունի 4-14 տարեկան աշակերտներ, իսկ հոն կը դասաւանդուին հայոց լեզու, երգ, ասմունք։

Մանրամասնութեանց համար, դիմել (562) 715-8730 կամ (818) 326-4725 թիւերուն

Scroll Up