Թուրքիոյ Պետական Արխիւներուն ՄԷջ Չէ Պահպանուած Հայկական «Ժամանակ» Թերթը

Օսմանահպատակ հայերուն կողմէ հրատարակուող ամենահին թերթերէն մէկը` «Ժամանակը», չէ պահպանուած այս երկրի պետական արխիւներուն մէջ: Թրքական «demokrathaber.com» լրատուակայքի տեղեկացմամբ` Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի (ԹԱՄԺ -TBMM) հայ պատգամաւոր Սելինա Տողան թեմային վերաբերեալ հարցում մը ըրած է խորհդարանին:

Ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական» կուսակցութիւնը  (ԺԴԿ – CHP) ներկայացնող Տողան իր հարցումը նախ ուղղած է Թուրքիոյ պետական արխիւներու տնօրինութեան, բայց բացասական պատասխան ստանալէ յետոյ հարցը վերահասցէաւորած է մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան:

«Ակօս» թերթի տեղեկացմամբ` հայ պատգամաւորը ընդգծած է, որ «Ժամանակ» թերթը հետազօտողներու համար տեղեկատուութեան կարեւորագոյն սկզբնաղբիւր կրնայ հանդիսանալ:

«Ժամանակ»-ը Թուրքիոյ մէջ առանց ընդմիջումներու հրատարակուած ամենահին թերթն է: Այս թերթը թէ Օսմանեան կայսրութեան, թէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան վկան է: Այս տեսակէտէն անվիճելի է նման թերթի` պետութեան կողմէ արխիւացման կարեւորութիւնը»,-ermenihaber.am-ի փոխանցմամբ` նշած է Տողան:

Ան աւելցուցած է, որ իրենց հարցման պետական արխիւներու գլխաւոր վարչութենէն պատասխանած են, թէ «Ժամանակ» թերթը իրենց մօտ պահպանուած չէ, սակայն որպէս գրադարանական նիւթ այն կրնար պահպանուած ըլլալ ազգային գրադարանային վարչութեան արխիւներուն մէջ: Այդ պատճառով ալ այս անգամ նոյն հարցումը ուղղուած է մշակոյթի նախարարութեան:

«Ես մեծ հետաքրքրութեամբ կը սպասեմ տրուելիք պատասխանին:
Հայկական հարցի վերաբերեալ ամէն առիթով «արխիւները բանանք» կարգախօսի միջոցով թեմայէն խուսանաւել փորձող այս քաղաքական ուժը նախ եւ առաջ պիտի արխիւացնէ Թուրքիոյ տարածքին մէջ ապրած հայերու ամենահին թերթը»:

Յիշեցնենք, որ հայկական «Ժամանակ» թերթը իր գործունէութիւնը սկսած է 1908-ին: Բացի հայ համայնքի կեանքը լուսաբանելէն` թերթը կ’անդրադառնար եւ կը լուսաբանէր նաեւ Օսմանեան պետութեան քաղաքական իրադարձութիւնները:

Scroll Up