Հայկական Տաղաւարը «Լոս Անճելըսի Ճամբորդական Ցուցադրութեան» Լաւագոյններէն Ճանչցուած է

Հայաստանն ու Արցախը ներկայացուած են ԱՄՆ-ի զբօսաշրջային ամենախոշոր ձեռնարկներէն մէկուն` «Լոս Անճելըսի ճամբորդական եւ արկածախնդրական ցուցադրութեան» («LA Travel and Adventure Show»), որուն այցելուներուն թիւը տարեկան կը հասնի շուրջ 60 հազարի։

Ըստ ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթին՝ Լոնկ Պիչի «Քընուէնշն Սենթըր»ի մէջ երկու օր շարունակ` Փետրուար 27-28-ին, բազմահազար այցելուներ առիթ ունեցած են ծանօթանալու Հայաստանի եւ Արցախի զբօսաշրջային առանձնայատկութիւններուն, ներառեալ` վերջին շրջանին զարգացող «բնապահպանական սբօսաշրջութեան» հնարաւորութիւններուն:

Աշխարհի տարբեր երկիրներ ներկայացնող եւ բազմաթիւ ուղղութիւններով ճամբորդութիւն առաջարկող տաղաւարներու կողքին, հայկականը առանձնացած է ոչ միայն վառ գոյներով, նաեւ` ջերմ  հիւրասիրութէամբ. համապարփակ տեղեկատւութեան հետ մէկտեղ, այցելուներուն հրամցուած է հայկական քոնեակ, մեղր, չիր:

«Նման խոշոր ձեռնարկներուն մեր ներկայութիւնը չափազանց կարեւոր է, յատկապէս, որ զբօսաշրջութիւնը Արցախի զարգացման ռազմավարական ծրագրերէն է, եւ կառավարութիւնը ամէն ինչ կ՝ընէ զբօսաշրջիկներու համար առաւելագոյն պայմաններ ապահովելով Արցախի մէջ»,- նշած է Ուաշինկթընի մէջ ԼՂ ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան: Ըստ անոր, այս կարգի ձեռնարկներուն մասնակցութեան շնորհիւ է նաեւ, որ Արցախի զբօսաշրջիկներուն թիւը տարուէ տարի կ՝աւելնայ շուրջ 20 տոկոսով, եւ այցելուներու մէջ կ՝ըլլան ամենատարբեր ազգեր, ինչպէս` Ասիայէն եւԱփրիկէէն:

Հայաստանի եւ Արցախի տաղաւարները ներկայացուած են Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան եւ Հայ-ամերիկեան գործարարական խորհուրդի համատեղ ջանքերով, որուն նախագահն է համայնքի աշխոյժ գործիչ, բարերար Ալեք Պաղտասարեանը: «Հաշուի առնելով, որ Լոս Անճելըսի Ճամբորդական ցուցադցութիւնը ամենամեծն է ԱՄՆ-ի Արեւմտեան ափին մէջ, մեր կազմակերպութիւնը սիրով համաձայնեցաւ հոգալ մասնակցութեան համար անհրաժեշտ ծախսերը եւ հնարաւորինս ներկայանացնել մեր երկրի գրաւչութիւնները»,- նշած է Պաղտասարեանը: Հիւպատոս Առնելա Շաքարեան, իր հերթին, տեղեկացուցած է, որ հայկական տաղաւարին հանդէպ եղած է մեծ հետաքրքրութիւն, եւ ունեցած են քանի մը հազար այցելու: «Առանձնայատուկ ներկայացուցած ենք նաեւ գիւղական զբօսաշրջութիւնը, որ  բնութեան գողտրիկ անկիւններուն մէջ, հիւրանոցներէն բացի, կը ներառէ նաեւ բնակեցում գիւղական տուներու մէջ, բնական սնունդ եւ նպատակային այցեր տեսարժան վայրեր: Հայաստանի եւ Արցախի մէջ զբօսաշրջային այս փաթեթները պատրաստած են Լոս Անճելըսի մէջ գործող հայկական զբօսաշրջական ընկերութիւնները»,- նշած է Շաքարեանը:

Ցուցահանդէսի ամենագեղեցիկ եւ մարդաշատ տաղաւարը ունենալու համար հայկական տաղաւարին հաւաստագիր յանձնած է «LA Travel and Adventure Show»-ի կազմակերպիչ մարմնի ղեկավար Ճոն Կոլիչը:

Հայկական մշակոյթի ներկայացման վառ օրինակ եղած է «Վարդան եւ Սիրանոյշ Գէորգեաններ» պարային ակադեմիայի սաներուն ելոյթը: Ձեռնարկին ներկայ եղած են ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեանը, Հայաստանէն մեկնած Միջազգային գործարար կապերու աջակցման խորհուրդի պատուիրակութիւնը:

0303travelshow2

Scroll Up