Դպրութեան Աստիճանի Տուչութիւն Պաղտատի Ս. Կարապետ Վանքին Մէջ

Թեմիս բարեխնամ առաջնորդ՝ գեր. Տ. Աւագ արք. Ասատուրեանի տնօրինութեամբ, եկեղեցւոյս ծառայող վեց պատանիներ, Մարտ 2-ին՝ Միջինքին Պաղտատի Ս. Կարապետ վանքին մէջ ստացան դպրութեան չորս աստիճան… Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը տեղեկացնէ Արամ սրկ. Քէթէնճեան:

Այս հոգեպարար առիթին ներկայ եղաւ օրերս Իրաքահայ Թեմը այցելող Եգիպտոսի հայոց փոխ առաջնորդ հոգեշնորհ Տ. Գաբրիէլ վրդ. Սարգիսեան: Այս առիթով կը շնորհաւորենք դպիրները: Յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք պարոն Րաֆֆի Լուսէեանին, լուսանկարները տրամադրելուն համար:

ԲաղդադԲաղդադ1 Բաղդադ2

Scroll Up