Չարլզ Կերիի Մասին Ֆիլմի Ցուցադրութեամբ՝ ՀԵԴն Լուսարձակի Տակ Առաւ Սեւամորթներու Եւ Հայութեան Իրաւանց Պայքարներուն Նմանութիւնը

 Կիրակի, Փետրուար 28ի երեկոյեան, Իկըլ Ռաքի «Օքսիտենթըլ» համալսարանին մէջ տեղի ունեցան քաղաքացիական իրաւանց պաշտպան Չարլզ Կերիի նուիրուած ֆիլմի մը ցուցադրութիւնը եւ անոր շուրջ քննարկում մը՝ լուսարձակի տակ առնելով 1960ական եւ 1970ական թուականերու սեւամորթներու իրաւանց պայքարին եւ Հայ Դատին համար տարուող պայքարին միջեւ նմանութիւնները։

Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի Մարդկային իրաւանց միացեալ խորհուրդին կողմէ, իսկ համահովանաւորներն էին՝ հիւրընկալ համալսարանի Հայ ուսանողական միութիւնն ու Սեւամորթ ուսանողներու դաշինքը:

Ներկայացումը երկրորդն էր «Հայդուկի Դասախօսութիւններ» շարքին, որուն նպատակն է շրջանի հայ համայնքը մասնակից դարձնել իւրայատուկ քննարկումներու:

Մէկժամեայ վաւերագրական ժապաւէնը՝ «Չարլզ Կերի. Փողոցի Մարտիկը Դատարանին Մէ»ջ, նուիրուած է 20րդ դարու քաղաքացիական իրաւանց պաշտպան ամէնէն ազդեցիկ իրաւաբաններէն մէկուն՝ Չարլզ Կերիի (Կարապետեան), որ ստանձնած էր փոքրամասնութեանց իրաւանց գործիչներու եւ հակապետական շարք մը ամբաստանեալներու պաշտպանութիւնը։

Կերի պաշտպանած էր «Պլեք Փենթըրզ» եւ «Լոս Սիէթէ տէ լա Ռազա» կազմակերպութեանց անդամները, ինչպէս նաեւ՝ Օքլընտի 7ն եւ Շիքակոյի 8ը:

Ամերիկահայ իրաւաբանը Ֆրեզնոյի մէջ իր պատանեկութեան տարիներէն սկսեալ դիմագրաւած խտրականական վերաբերմունքէն եւ 1890ականներու Համիտեան ջարդերէն վերապրած իր ընտանիքի ճակատագիրէն մղուած՝ դիմած է իրաւապաշտպան գործունէութեան:

Ֆիլմի ներկայացումէն ետք, ներկաները «Սքայփ»ի միջոցաւ կարծիքներ կրցան փոխանակել ֆիլմի բեմադրիչ Ռաքսեն (Պէզճեան) Մաքասճեանի հետ։

Ռաքսեն Մաքասճեան ներկայիս Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրքլիի մասնաճիւղի սփռուող հաղորդակցութեանց բաժանմունքի վարիչն է եւ համահիմնադիրներէն մէկը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդումը ջատագովող Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագիրին (GenEd)։

Ապա, Լոս Անճելըս հաստատուած մարդկային իրաւանց գործիչ Քամիլա Մուր խօսեցաւ սեւամորթներու եւ հայութեան իրաւանց պայքարներու նմանութեանց մասին։

Աւարտին, ներկաներուն միջեւ քննարկումը շարունակուեցաւ։ «Իրաւազրկուածներու արդար իրաւունքները պաշտպանելու պայքարին մէջ Կերիի ցուցաբերած նուիրումը մեզ կը խրատէ նեցուկ կանգնիլ անոնց ազատագրական շարժումներուն, ինչ որ կը մնայ ՀԵԴի գլխաւոր նպատակներէն մէկը», կը յայտնէ Մարդկային իրաւանց միացեալ խորհուրդի համաատենապետ Վերժինի Թուլումեան։

ՀԵԴի Մարդկային իրաւանց միացեալ խորհուրդին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.unitedhumanrights.org կայքը:

Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ:

Scroll Up