Քալիֆորնիոյ Դեմոկրատ Կուսակցութիւնը Նեցուկ Կը Կանգնի Էնթընի Փորթանթինոյին

Փետրուար 28ին, Քալիֆորնիոյ Դեմոկրատ կուսակցութեան պատուիրակներուն մեծամասնութիւնը, Սան Հոզէի մէջ կայացած կուսակցութեան համագումարին ընթացքին, որոշած է զօրակցիլ Էնթընի Փորթանթինոյին, որ իր թեկնածութիւնը դրած է նահանգային Ծերակոյտին մէջ 25րդ ընտրատարածքը ներկայացնելու համար։ Ան ստացած է 25րդ ընտրատարածքէն պատուիրակներուն 70 տոկոսին աջակցութիւնը։
Փորթանթինօ շնորհակալութիւն յայտնած է իր կուսակիցներուն, որոնք նման յատկանշական աջակցութիւն ցուցաբերած են իր ընտրապայքարին։
Նշենք, որ Փորթանթինօ արդէն իսկ Յունիս 7ի ընտրութեանց համար յատկանշական զօրակցական խոստումներ ստացած է շարք մը աշխատաւորական միութիւններէ ու դեմոկրատներու կազմակերպութիւններէն։
Փորթանթինօ ներկայիս այցելու դասախօս է Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ։
Նահանգային Ծերակոյտի 25րդ ընտրատարածքին մէջ կ՛իյնան՝ Պըրպենք, Տուարթէ, Կլենտէյլ, Լա Քընիատա, Լա Վըրն, Մոնրովիա, Մոնթրոզ, Փասատինա եւ շարք մը այլ քաղաքներ։
Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ: