Գաթայի Աւանդական Փառատօն Ախալքալաքի ՄԷջ

Մարտ 2-ին Ախալքալաքի Հայ Առաքելական Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ կայացած է Գաթայի աւանդական փառատօնը` նուիրուած Միջինքին: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Հայերն այսօրը», փառատօնը անցած է ուրախ մթնոլորտի մէջ, որուն մասնակցած են Վրաստանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեան, համայնքային ներկայացուցիչներ, Ախալքալաքի յարակից գիւղերու բնակիչներ եւ այլք:

Աւելցնենք նաեւ, որ փառատօնին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ` ելոյթ  ունեցած է  նաեւ Արարատեան Հայրապետական թեմի «Ծաղկազարդ» խումբը:

Scroll Up