Տերսիմահայ Ընտանիքը Որոշած Է Տեղափոխուիլ Հայաստան

Տերսիմի հայերու միութեան հիմնադիր Միհրան Փրկիչ Կիւլթեքին եւ անոր կինը` Կարին Կիւլթեքին, մտադիր են տեղափոխուիլ եւ մշտական բնակութիւն հաստատել Հայաստանի մէջ: Այս նպատակով անոնք հէնց այսօր` Մարտ 2-ին, կը դիմեն Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու խնդրանքով:

«Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին Կարինը, որ Գերմանիոյ մէջ երեք տարի առաջ մկրտուած եւ քրիստոնէութիւն  ընդունած է, խօսեցաւ այն մասին, թէ ինչու  իրենք նման որոշում կայացուցած են: «Մենք կ’ապրինք  երկրի մը մէջ, ուր  կոտորած են մեզի, պարտադրած են ընդունիլ  կրօն մը, որ մերը չէ: Մենք չենք ցանկար ապրիլ Թուրքիոյ մէջ: Այստեղէն դուրս գալէ յետոյ Միհրանին հետ պիտի դիմեմ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու խնդրանքով»,- ըսաւ ան:

Կարին պատմեց, թէ ինչպէս  իրենք մշտապէս թիրախաւորուած են Թուրքիոյ մէջ: Անգամ այն ժամանակ, երբ իրենք դեռ իսլամ եղած են, բոլորը մատնացոյց կ’ընէին` ըսելով. «Տեսէք, ան հայ է»: Իսկ մկրտութենէն յետոյ ան ստիպուած եղած է դուրս գալ այն ճաշարանէն, ուր աշխատած է շուրջ 15 տարի, քանի որ անոր ըսած  են, որ «հաց չեն ուտեր «կեաւուր»-ի ձեռքէ»: «Ի՞նչ է տարբերութիւնը` դուն իսլամ ես, իսկ ես` հայ: Չեմ ցանկար ապրիլ  կեանք մը, որ ինծի կը պարտադրեն: Կ’ուզեմ փրկուիլ այս ամէնէն»,- մեծ յուզումով նշեց Կարինը: Կարինն ու Միհրանը երկու որդի ունին, որոնք կ’ողջունեն ծնողներու` Հայաստան տեղափոխուելու որոշումը: «Երկու որդիներս ալ մկրտուած են: Անոնցմէ մէկը այժմ կ’ուսանի Գերմանիոյ մէջ, իսկ միւսը լրագրող է: Երկուքն ալ կը զանգահարեն ինծի եւ մշտապէս կ’ըսեն. «Մայրիկ, ըրէ այն, ինչ կ’ուզես: Մի վախնար»: Ես վերջապէս որոշած եմ ընել այդ քայլը»,- ըսաւ Կարինը: Նախօրէին ան իր ընտանիքի անդամներուն հետ այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր եւ թանգարան: Տպաւորութիւններուն մասին Կարինը դժուարացաւ խօսիլ` ըսելով.

«Ցաւը անհնար է ներկայացնել, ատոր մասին խօսիլ: Ի հարկէ գիտէինք Ցեղասանութեան մասին, շատ բան  կարդացած էինք, տեսած: Մայրս  պատմած էր կորոտածներուն մասին… Ցաւը չի մոռցուիր: Այն միակ բանն է, որ չի կրնար ջնջուիլ մարդու յիշողութենէն»: Թէպէտ Կարինը դեռեւս յստակ ծրագիրներ չունի, թէ Հայաստան տեղափոխուելէ ետք ինչով պէտք է զբաղուին այստեղ, սակայն վստահաբար կ’ըսէ. «Ես աշխատող մարդ եմ, ինչ գործ ըլլայ, կ’ընեմ»: Ապա ժպտելով կ’աւելցնէ. «անպայման պիտի գամ»:

Scroll Up