Սեւակ Պալըքճըի Սպանութեան Դատավարութիւնը Դարձեալ Յետաձգուեցաւ

«Տեմոքրաթհապեր»ի աշխատակից Հրանդ Գասպարեան կը տեղեկացնէ, որ Սեւակ Պալըքճըի սպանութեան դատավարութեան նիստը այս անգամ ալ յետաձգուեցաւ այն պատճառաբանութեամբ, որ սպասուած փաստաթուղթերը դատարան չեն հասած։ Այս կը նշանակէ, թէ դարձեալ ամիսներ պիտի անցնին՝ առանց նորութիւն մը բերելու այս դատին։

Յիշեցնենք, որ թրքական բանակին մէջ ծառայելու ընթացքին, Սեւակ Պալըքճը Պաթմանի մէջ, Ապրիլ 24, 2011ին սպաննուեցաւ թուրք զինուոր Քըվանչ Աղաօղլուի հրացանով։ Աղաօղլու դատարան յանձնուեցաւ դիտումնաւոր կերպով մարդ սպաննելու յանցանքով, սակայն ան պնդեց, որ եղածը արկած մըն էր։ Այնուհետեւ դատարանը ազատ արձակեց Աղաօղլուն։

Դատավարութեան վերջին նիստը կայացաւ Տիգրանակերտի օդային ուժերու դատարանին մէջ, սակայն Աղաօղլու ու անոր փաստաբանը ներկայ չգտնուեցան այդ նիստին։

Դատարանը նախորդ նիստին ուզած էր, որ դատարան յանձնուի դէպքի ականատեսներէն՝ յիսնապետ Օքթայ Էօզտեմիրի կողմէ պատրաստուած տեղեկագիրը, որ կը բովանդակէ տեղւոյն վրայ կատարուած քննութիւններուն վերաբերեալ նկարչական գործիքներով արձանագրուած տուեալներ։ Բայց այս տեղեկագիրը տակաւին չէ հասած դատարան, հակառակ անոր, որ ամիսներ անցած են։ Այս պատճառաբանութեամբ, նիստը անգամ մը եւս յետաձգուեցաւ։

Դատական յաջորդ նիստը պիտի կայանայ Ապրիլ 6ին։

Այս մասին կը յայտնէ «Մարմարա»:

Scroll Up