375,000 Տոլար Կը Հանգանակուի Ի Նպաստ Այնճարի Դպրոցին

 Շաբաթ երեկոյեան (27 Փետրուար-Խմբ.), Այնճարի ժողովուրդը համախմբուած էր իր Ազգային վարժարանին շուրջ: Վարժարանի հիմնադրութեան 75ամեակի նշումներու մեկնարկը կը կատարուէր խուռներամ բազմութեամբ եւ մեծ խանդավառութեամբ:

Անցնող երեք տարիներուն, Այնճար հայաւանը դիմագրաւեց լուրջ դժուարութիւններ: Շրջանին մէջ տիրող անապահով կացութիւնը մտահոգեց հայաւանի բնակիչները եւ ընդհանրապէս բովանդակ լիբանանահայութիւնը: Այսուհանդերձ, այնճարցին անգամ մը եւս պատիւով ստանձնեց այդ կացութեան պատասխանատուութիւնը՝ հաստատակամօրէն եւ քաջութեամբ:

Այսօր, բարեբախտաբար, համեմատական կայունութիւն հաստատուած է: Օրին, ստեղծուած այդ անկայուն վիճակին մէջ անգամ այնճարահայութիւնը իր հաւատքը եւ յոյսը ամուր պահեց գիւղի ապագային նկատմամբ: Կեանքը ընթացաւ բնականոն կերպով, միութիւնները շարունակեցին իրենց աշխոյժ գործունէութիւնը, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի եւ գիւղի հիմնադրութեան 75ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկները ստեղծեցին լայն խանդավառութիւն եւ ստացան լայն ընդգրկուածութիւն: Կեանքը շարունակուեցաւ, եւ այնճարահայութիւնը շրջանցեց բոլոր պատնէշներն ու արգելքները: Այո՛, կարելի եղաւ յաղթահարել խոչընդոտները, որովհետեւ այնճարցիի նկարագիրին անբաժանելի մէկ գիծը դարձած է այս երեւոյթը: Դժուարութիւններուն դիմաց չընկրկելու եւ գիւղի ապագային կառչած մնալու հաւատամքը ինքզինք պարտադրած է բոլոր դժուար եւ ճակատագրական հանգրուաններուն:

Շաբաթ երեկոյեան, դպրոցի տարեկան ձեռնարկ-նուիրահաւաքին ներկայ գտնուող ոեւէ անհատ արդարօրէն պիտի վկայէր, թէ հայաւանը տակաւին պատնէշի վրայ է եւ արժանավայել կերպով տէր կը կանգնի իրեն վստահած համահայկական դերակատարութեան:

Երեկոյին, վարժարանի յառաջընթացին ու գոյերթին համար հանգանակուած գումարները փայլուն ապացոյցն էին վերեւը նշուած հաստատումին: Գիւղի եւ վարժարանի հիմնադրութեան մէջ հիմնական դերակատար հանդիսացած Նարեկ Ա քհնյ. Շիրիքեան, որ երկար տարիներէ ի վեր հաստատուած է Միացեալ Նահանգներ, իր եւ իր ընտանիքին կողմէ հաստատուած կրթական ֆոնտը, այս երեկոյի առիթով 350,000 ամ. տոլարէն բարձրացուց 450,000 ամ. տոլարի՝ կատարելով 100,000 ամ. տոլարի նոր ներդրում մը. աւելի՛ն, այս գումարին կողքին նաեւ վարժարանի այս տարեշրջանի կարիքներուն համար նուիրեց պատկառելի գումար մը: Դպրոցաշէն եւ ազգային բարերար այլ յարգելի անձնաւորութիւն մը՝ Գէորգ Արապեան, 200,000 ամ. տոլարի նուիրատուութեամբ եկաւ զօրավիգ հանդիսանալու Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի նախակրթարանի եւ մանկապարտէզի վերանորոգութեան ու արդիականացման ծրագիրներուն: Գիւղի միութիւններու եւ անհատ բարերարներու ու բարեկամներու, ինչպէս նաեւ արտասահման ապրող շրջանաւարտներու նուիրատուութիւններով գոյացաւ նաեւ պատկառելի գումար մը՝ երեկոյին հասոյթը հասցնելով 375,000 ամ. տոլարի: Այս բոլորին կողքին նուիրատուներուն կողմէ արտասանուած խօսքերը ներկաները համակեցին անբացատրելի խանդավառութեամբ:

 Այո՛, Շաբաթ երեկոյ Այնճարի մէջ հայ դպրոցը ի պատուի էր, հայեցի դաստիարակութիւնը իր արժանավայել պատուանդանին վրայ էր, նորահաս սերունդներու կազմաւորման աշխատանքին համար բոլորին գործնական քաջալերանքը եւ զօրակցութիւնը ակներեւ էր:

Այս բոլորին կողքին, առկայ կը մնան սակայն այլ մարտահրաւէրներ: Գիւղի հայեցի դիմագիծի անաղարտ պահպանումը բոլոր ժամանակներէն աւելի կը հանդիսանայ հիմնական խնդիր: Գիւղի տարածքները հայապատկան պահելու գործօնը մաս կը կազմէ մեր գաղութային եւ ազգային ռազմավարութեան: Շուարելու կամ մոլորելու դոյզն վտանգը կրնայ իր ճակատագրական անդրադարձը ունենալ մեր համազգային երթին վրայ: Վստահ ենք, որ այս հայավայել գիտակցութիւնը եւ անկէ բխող համաժողովրդային յանձնառութիւնն ալ պատիւով կը շարունակէ ստանձնել հայաւանին մէջ թէ անկէ դուրս ապրող իւրաքանչիւր այնճարցի:

Մինչ այդ, վարձքը կատար Շաբաթ օրուան ձեռնարկին յաջողութեան նպաստած բոլոր կազմակերպիչներուն եւ ներկաներուն:

Բարի երթ հայաւանին եւ անոր մարդակերտումի ու հայակերտումի անփոխարինելի դարբնոց Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարանին:

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Scroll Up