Մաքրենք «Աստուծոյ տաճար»ն ու Լիբանանեան ընկերութիւնը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/03/հոդված.jpg)
Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան կը գրէ՝
Այն ինչ, որ վերջերս պատահեցաւ լիբանանցի ծանօթ լրագրող Պասսամ Ապու Զէյտի ընտանիքին հետ, պէտք է որպէս պատգամ համարել ուղղուած բոլորին եւ օգտուելով իր հանրածանօթութենէն՝ լոյս սփռել ընկերային լուրջ հարցի մը վրայ, որմէ թերեւս կը տառապին հազարաւոր լիբանանցիներ, մինչ լիբանանցիներէն շատեր իրենց աչքերը, ականջները եւ… հոգիները փակած են այս հարցին դիմաց:
Արդարեւ Պասսամ Ապու Զէյտ վերջերս ընկերային համացանցի իր էջով արտայայտուեցաւ զարհուրելի հարցի մը մասին, որն է, թէ սովորական մանուկներէն ի ծնէ տարբեր եղող իր երկուորեակ զաւակները՝ Մաթիւն եւ Եուհանը ենթարկուած են խտրականութեան ամենատգեղ տեսակին, երբ անոնց արգիլուած է մասնակցիլ եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցող առաջին հաղորդութեան ծիսակատարութեան փորձերուն՝ իրենց դիմագրաւած բնութեան արդիւնքը եղող մտային կամ մարմնական դժուարութեան պատճառով…
Հազիւ, որ այս հարցը հանրային կարծիքին տրամադրութեան տակ դրուած է, եկեղեցիին քահանան լրագրական խայտառակութենէ մը խուսափելու համար երեւի՝ լուր ղրկած է մանուկներուն հօրը, թէ հարցը լուծուած է եւ իր զաւակները կրնան մասնակցիլ փորձերուն:
Սակայն այս անգամ միւս մանուկներուն ծնողները աղմուկ բարձրացուցած են՝ մերժելով այդ անմեղ զոյգին մասնակցութիւնը իրենց զաւակներուն կողքին, հանդիսութեան տեսքին համար…
Ա՞յս է խորհուրդը առաջին հաղորդութեան: Այլամերժութեամբ ու Աստուծոյ ստեղծած այլ մանուկներու ներկայութիւնը մերժելո՞վ է, որ կը հաղորդուին Յիսուս Քրիստոսի մարմինով…
Եկէք խորհրդածենք սիրելիներ: Երբեմն մենք ալ զոհը չե՞նք նման անմարդկային երեւոյթներու, ուր կը մերժենք մեզմէ տարբերը՝ մենք մեզի կատարեալ կարծելով…
Եկէք մտածենք սիրելիներ: Ա՞յս է տուեալ եկեղեցիին առաքելութիւնը: Առաջին Հաղորդութիւնը կրօնական Սուրբ Խորհո՞ւրդ է, թէ ֆոլքլոր ու ցուցադրութիւն, նաեւ բեմական կեղծաւորութիւն…
Եկէք հաստատենք, թէ Մաթիւն եւ Եուհա՞նն են մտային ու մարմնական դանդաղութիւն կամ անկարութիւն ունեցողները, թէ՞ իրենց մերժող այսպէս կոչուած սովորական փոքրիկներուն ծնողները եւ տգէտ ու նեղմիտ անձերը ընդհանրապէս:
Եկէք Քրիստոսի Յարութեան հոգեպարար օրերու նախօրէին, որոշենք բոլորս ըլլալ Մաթիւներ եւ Եուհաններ՝ զօրակցելով անոնց ու մարդկութեան անունով ներողութիւն խնդրենք իրենցմէ: Մաքրենք «Աստուծոյ Տաճար»ն ու Լիբանանեան ընկերութիւնը այն խաբեբաներէն, որոնք նոյնիսկ չունին մարդկային արժէքներու նուազագոյնը… որոնց քով աւելի գոյութիւն ունին յատկանիշներ, որոնք ոչ մէկ ձեւով առնչութիւն ունին մարդկայնութեան հետ: