Կոլտպերկը «Օսկար»-ի Մրցանակաբաշխութեան Կրած Է Պոլսահայ Վարպետի Թեւնոցը

Ամերիկացի հանրայայտ դերասանուհի, արտահանող, սենարիստ եւ հաղորդավարուհի Վուփի Կոլտպերկը «Օսկարի» մրցանակաբաշխութեան ներկայացած է պոլսահայ վարպետի պատրաստած զարդով:

Թրքական «demkrathaber.com» լրատուակայքի տեղեկացմամբ` «Օսկար», «Էմմի», «Կրեմմի» եւ «Թոնի» մրցանակներու բազմակի դափնեկիր Վուփին Փետրուար 29-ին Լոս Անճելըսի մէջ կայացած 88-րդ «Օսկար» մրցանակաբաշխութեան ժամանակ կրած է պոլսահայ յայտնի ոսկերիչ-արծաթագործ Սեւան Պըչաքչըի թեւնոցը:

«Էրմէնիհապեր»-ի փոխանցմամբ` հայ ոսկերիչի ստեղծագործութիւնը դարձած է երեկոյի ամէնաքննարկուած զարդերէն մէկը: Կոլտպերկը նշած է, որ թեւնոցի հեղինակը սթամպուլաբնակ  վարպետ մըն է:

Յայտնի է, որ Պըչաքչըն վերոնշեալ թեւնոցի լուսանկարները աւելի առաջ հրապարակած էր Instagram-ին մէջ:

Scroll Up