Տինքի Նուիրուած Մաղթերգի Ներկայացում Փասատինայի Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/02/hrant_dink002_01031.jpg)
Հայոց Ցեղասպանութեան 101ամեակին առիթով եւ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան նախաձեռնութեամբ, Շաբաթ, Ապրիլ 16ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Փասատինայի «Էմպեսըտըր» համերգասրահին մէջ (131 S. Saint John Ave. Pasadena, CA 91105) տեղի պիտի ունենայ Հրանդ Տինքի նուիրուած մաղթերգի ներկայացում մը։
Պերճուհի Պէրպէրեանի բանաստեղծութեան հիման վրայ Մաժակ Թօշիկեանի յօրինած այս գործը պիտի ներկայացուի Համահայկական երգչախումբին եւ նուագախումբին կողմէ, որուն արուեստի եւ երգչախումբի վարիչն է Ստեփան Կոզումեանը, իսկ երաժշտական վարիչը՝ Արտաշէս Քարթալեանը։ Գլխաւոր մենակատարներն են Ալենուշ Եղիազար, Նատիմա Աւագեան եւ Ռաֆֆի Քերպապեան։
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ տոմսերու համար, դիմել (818) 342-0110 թիւին կամ bolsahay1976@gmail.com հասցէին։