60 Խումբեր Մասնակցեցան ՀՄԸՄի «Սեւան» Մասնաճիւղին Կազմակերպած Միջմասնաճիւղային Մարզախաղերուն

Արդէն գեղեցիկ սովորութիւն դարձած է ՀՄԸՄին համար Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահներու օրուան նուիրուած երկար շաբաթավերջը վերապահել ՀՄԸՄի Սան Տիէկոյի «Սեւան» մասնաճիւղին, որ այդ ընթացքին կը կազմակերպէ տարեկան իր մարզական մեծագոյն նախաձեռնութիւնը՝ ՀՄԸՄի Միջմասնաճիւղային մարզախաղերը:

31րդ տարին ըլլալով, այս մարզախաղերը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին մասնակից խումբերուն եւ առաւելաբար շրջանի փոքրաթիւ հայկական գաղութին մէջ, որոնք անհամբերութեամբ կը սպասեն անոնց կայացման: Եզակի այս մարզախաղերը նաեւ մտերմութիւն կը ստեղծեն մասնաճիւղերու մարզիկ-մարզկուհիներուն, անոնց մարզիչներուն, ծնողներուն եւ շրջանի հայութեան միջեւ՝ ամրապնդելով անոնց մէջ ՀՄԸՄի հանդէպ սէրը, յարգանքն ու հաւատքը:

Ոգեւորիչ այս մարզախաղերուն այս տարի մասնակցեցան պասքեթպոլի, վոլիպոլի եւ ֆութպոլի բարձր դասակարգի 60 խումբեր, որոնցմէ 49ն՝ պասքեթպոլի, 6ը՝ վոլիպոլի, իսկ 5ը ֆութպոլի երկսեռ խումբեր էին, շրջանի ՀՄԸՄի հետեւեալ 12 մասնաճիւղերէն.

ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ՝ 3 խումբ

ՀՄԸՄի Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղ՝ 4 խումբ

ՀՄԸՄի Ֆրեզնոյի «Սասուն» մասնաճիւղ՝ 5 խումբ

ՀՄԸՄի Մոնթեպելլոյի մասնաճիւղ՝ 1 խումբ

ՀՄԸՄի Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղ՝ 10 խումբ

ՀՄԸՄի Կլենտէյի «Արարատ» մասնաճիւղ՝ 19 խումբ

ՀՄԸՄի Օրենճ Քաունթիի «Սարդարապատ» մասնաճիւղ՝ 2 խումբ

ՀՄԸՄի Սան Ֆերնանտօ Հովիտի «Մասիս» մասնաճիւղ՝ 7 խումբ

ՀՄԸՄի Ինլընտ Էմփայըրի «Արազ» մասնաճիւղ՝ 1 խումբ

ՀՄԸՄի Սանթա Քլարայի «Անի» մասնաճիւղ՝ 1 խումբ

ՀՄԸՄի Քրեսենթա Հովիտի «Շան»չ մասնաճիւղ՝ 6 խումբ

ՀՄԸՄի Լաս Վեկասի «Արցախ» մասնաճիւղ՝ 1 խումբ

Մրցումները սկիզբ առին Շաբաթ, 13 Փետրուար 2016ի առաւօտեան ժամը 8ին: Պասքեթպոլի եւ վոլիպոլի մրցումները կատարուեցան Սան Տիէկոյի Alliant International University-ի յարակից վեց մարզադաշտերուն վրայ, իսկ ֆութպոլի մրցումները՝ 4S Ranch Sports Park-ի մարզադաշտերուն:

Եռօրեայ այս մրցումներու կազմակերպչական աշխատանքներուն մեծապէս նպաստեց ՀՄԸՄի Շրջանային Մարզական խորհուրդը, որ Շրջանային վարչութեան մարզական ներկայացուցիչ Արամ Թոմասի ընկերակցութեամբ՝ ամբողջ երեք օրեր մօտէն հետեւեցաւ մրցումներուն եւ հսկեց անոնց հեզասահ ընթացքը: Մարզադաշտեր այցելեցին եւ մրցող խումբերը քաջալերեցին նաեւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վիգէն Դաւիթեանը, Շրջանային վարչութեան անդամներ՝ ատենապետ Մանուէլ Մարսէլեանը, Փիեռ Մանուկեանն ու Պերճ Պետոյեանը:

Շաբաթ, 13 եւ Կիրակի, 14 Փետրուարին ընթացած հետաքրքրական պայքարի զտման մրցումներէն ետք, ճակատագրական եղան Երկուշաբթի, 15 Փետրուարի աւարտական մրցումները՝ երեք մարզաճիւղերու մասնակիցներուն համար: Ախոյեանութեան յաւակնած իւրաքանչիւր խումբ, իր լաւագոյն խաղարկութեամբ փորձեց տիրանալ առաջնութեան բաժակին: Պէտք է ընդգծել, թէ մրցող խումբերը ընդհանրապէս հաւասար խաղարկութիւն ցուցաբերեցին, ինչ որ մեծապէս գնահատուեցաւ ներկայ մարզասէր հասարակութեան կողմէ:

Իւրաքանչիւր աւարտական մրցումէ ետք, յաղթող խումբին յանձնուեցաւ իր դասակարգի ախոյեանութեան բաժակը՝ երկարաշունչ ծափողջոյններու ներքոյ: Գեղեցիկ երեւոյթ էր մրցումներէն ետք տեսնել պարտուող ու յաղթող խումբերու ողջագուրումները, որոնք ՀՄԸՄականի իսկական մարզական ոգին կ՛արտացոլէին: Մրցումները աւարտեցան Երկուշաբթի, կէսօրէն ետք ժամը 3ին: Մրցող խումբերը, մարզական պատասխանատուներն ու քաջալերող ծնողները գոհունակութեամբ մեկնեցան տուն՝ գեղեցիկ յիշատակներ դրոշմելով իրենց յիշողութեանց մէջ:

«Այս տարի առաւել ոգեւորութեամբ ընթացան «Սեւան» մասնաճիւղին կազմակերպած միջմասնաճիւղային մարզախաղերը, որոնք հարստացած էին նաեւ վոլիպոլի մրցումներով: Շրջանային վարչութիւնը, Մարզական խորհուրդին միջոցաւ եւ մասնաճիւղերուն ջանքերով, մեծ ճիգ կը թափէ, որպէսզի նման մարզախաղեր միայն պասքեթպոլով չսահմանափակուիլ: Այս մարզախաղերը նաեւ առիթ կը հանդիսանան մասնակից խումբերուն իրենց ուժերը չափելու եւ լաւագոյն ձեւով պատրաստուելու Նաւասարդեան 41րդ մարզախաղերուն», ուրախութեամբ ընդգծեց Շրջանային վարչութեան մարզական ներկայացուցիչ Արամ Թոմաս:

ՀՄԸՄի Սան Տիէկոյի «Սեւան» մասնաճիւղը, այս մարզախաղերուն կազմակերպումով ոչ միայն մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեց Սան Տիէկոյի փոքրաթիւ հայկական գաղութին մէջ, այլեւ փաստեց, թէ ՀՄԸՄականի ոգին կը տիրապետէ այդ շրջանէն ներս, եւ թէ ինք, հակառակ փոքր մասնաճիւղ մը ըլլալուն՝ կարողութիւնը ունի հարիւրաւոր մարզիկ-մարզկուհիներ համախմբելու եւ զանոնք ՀՄԸՄական ոգիով ոգեւորելու:

Ստորեւ՝ շնորհաւորելի այս մարզախաղերուն ախոյեան հանդիսացած մասնաճիւղերը.

ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ

Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ – ՄԱՆՉԵՐ

Ա.- ՀՄԸՄի «Արարատ(1)» Մասնաճիւղ

Բ.- ՀՄԸՄի «Սասուն» Մասնաճիւղ

Գ.- ՀՄԸՄի «Արարատ(3)» եւ ՀՄԸՄի «Արարատ(4)» Մասնաճիւղ

Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ – ՄԱՆՉԵՐ

Ա.- ՀՄԸՄի «Ազատամարտ» Մասնաճիւղ

Բ.- ՀՄԸՄի «Սասուն» Մասնաճիւղ

Գ.- ՀՄԸՄի Սան Ֆրանսիսքոյի եւ Լոս Անճելըսի Մասնաճիւղեր

21 ՏԱՐԵԿԱՆ ԵՒ ՎԱՐ ԴԱՍԱԿԱՐԳ – ՄԱՆՉԵՐ

Ա.- ՀՄԸՄի «Արարատ(3)» Մասնաճիւղ

Բ.- ՀՄԸՄի «Մասիս» Մասնաճիւղ

Գ.- ՀՄԸՄի «Արարատ(1)» եւ ՀՄԸՄի «Արարատ(2)» Մասնաճիւղ

18/16 ՏԱՐԵԿԱՆ ԵՒ ՎԱՐ ԴԱՍԱԿԱՐԳ – ՄԱՆՉԵՐ

Ա.- ՀՄԸՄի «Արարատ(1)» Մասնաճիւղ

Բ.- ՀՄԸՄի «Շան»չ Մասնաճիւղ

Գ.- ՀՄԸՄի «Արարատ(2)» եւ ՀՄԸՄի «Արարատ(3)» Մասնաճիւղ

Դ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ (16 ՏԱՐԵԿԱՆ ԵՒ ՎԱՐ) – ՄԱՆՉԵՐ

Ա.- ՀՄԸՄի «Շանթ(1)» Մասնաճիւղ

Բ.- ՀՄԸՄի Սան Ֆրանսիսքոյի Մասնաճիւղ

Գ.- ՀՄԸՄի «Մասիս(1)» եւ «Մասիս(2)» Մասնաճիւղ

Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ – ԱՂæԻԿՆԵՐ

Ա.- ՀՄԸՄի «Ազատամարտ(1)» Մասնաճիւղ

Բ.- ՀՄԸՄի «Ազատամարտ(2)» Մասնաճիւղ

Գ.- ՀՄԸՄի «Արարատ» եւ «Մասիս» Մասնաճիւղեր

ՎՈԼԻՊՈԼ – ԱՂæԻԿՆԵՐ

Ա.- ՀՄԸՄի «Արարատ(1)» Մասնաճիւղ

Բ.- ՀՄԸՄի «Արարատ(2)» Մասնաճիւղ

Գ.- ՀՄԸՄի «Արարատ(3)» եւ «Ազատամարտ(2)» Մասնաճիւղեր

ՖՈՒԹՊՈԼ – ՄԱՆՉԵՐ

Ա.- ՀՄԸՄի «Արարատ» Մասնաճիւղ

Բ.- ՀՄԸՄի «Սարդարապատ» Մասնաճիւղ

Գ.- ՀՄԸՄի Սան Ֆրանսիսքոյի եւ «Շան»չ Մասնաճիւղեր

ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Ասպարէզ

Scroll Up