Հայկական Ֆիլմեր Պիտի Ցուցադրուին Նիւ Եորքի Փառատօնին

Հայկական նիւթերով ֆիլմեր պիտի ցուցադրուին Նիւ Եորքի մէջ կայանալիք շարժապատկերի «Socially Relevant» փառատօնին ընթացքին։

Փառատօնին նպատակն է ընկերային շարք մը հարցերու մասին իրազեկութիւնը բարձրացնել եւ շարժապատկերի միջոցով դրական լուծումներ առաջարկել անոնց:

Ամերիկահայ յայտնի դերասան եւ արտադրող Նորա Արմանիի կողմէ 2013ին հիմնադրուած սոյն փառատօնը այս տարի տեղի պիտի ունենայ Մարտ 14-20ի միջեւ:

Աշխարհի տարբեր երկիրներէ ներկայացուող ֆիլմերուն կողքին պիտի ցուցադրուին նաեւ հայութեան առնչուող կամ հայերու կողմէ պատրաստուած ութ ֆիլմեր, ներառեալ՝ Մուհամատ Հանաֆիի «Ո՞վ Սպաննեց Հայերը», Արա Երնջակեանի «Խաւարում», Ռուբէն Փաշինեանի «Տղա՛ս, Ո՞ւր Է Եփրատը», Մարինէ Քոչարեանի եւ Սոնա Քոչարեանի «Ինչպէս Անցնել æիլիզէն æիլիզ», Աննա Բայաթեանի «Արդէն Գիտեմ» եւ Արէն Մալաքեանի «Աղջիկը Լուսնի Վրայ» ֆիլմերը:

Նշեալ ֆիլմերը կ՛արծարծեն պատերազմներու եւ հակամարտութիւններու ընթացքին երեխաներու խոցելիութիւնը, Հայոց Ցեղասպանութեան յուշերով ապրելու դժուարութիւնը, փակ սահմաններու հարցերը, հաշմանդամութեան պարտադրած մարտահրաւէրներու յաղթահարումը եւ ընկերային շարք մը այլ նիւթեր:

Փառատօնին մասին ամբողջական տեղեկատուութեանց համար, այցելել www.ratedsrfilms.org

Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ:

Scroll Up