Ռաֆֆի Փափազեան «Էն.Էս. Թեք» Ընկերութեան Փոխնախագահ Կը Նշանակուի

Նեւատայի Ազգային ապահովութեան կեդրոնը կառավարող ապահովական արհեստագիտութեանց «Էն.Էս. Թեք» ընկերութեան նախագահ Ճիմ Հոլթ կը տեղեկացնէ, թէ ընկերութեան երկու փոխնախագահներէն մէկը նշանակուած է Ռաֆֆի Փափազեանը, հիւլէական զէնքերու ապահովութիւնը երաշխաւորելու պարտականութիւն ունեցող այս ընկերութիւնը «կատարելագործման նոր մակարդակի հասցնելու նպատակով»։

Իր նոր պաշտօնով, Ռաֆֆի Փափազեան պիտի ստանձնէ ընկերութեան ծրագիրներու համակարգման պատասխանատուութիւնը։ Ան նախապէս նոյն ընկերութեան պաշտպանական համակարգերու փորձառական բաժանմունքի վարիչն էր։

Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ:

Scroll Up