Սումկայիթի Եղեռնագործութեան Զոհերուն Յիշատակի Հաւաքին Շեշտուեցաւ Մարտահրաւէրները Միասնական Ուժով Դիմագրաւելու Անհրաժեշտութիւնը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/02/Nshan1_022816.jpg)
Կիրակի, 28 փետրուարին Լիբանանի բոլոր հայկական եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն ու արարողութիւն` Սումկայիթի եղեռնագործութեան զոհերու յիշատակին:
Նոյն օրը Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի նախագահութեամբ Սումկայիթի անմեղ զոհերուն յիշատակին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող Սումկայիթի զոհերուն նուիրուած խաչքարին առջեւ:
Այնուհետեւ տեղի ունեցած յիշատակի հաւաքին խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ պատմական ակնարկով մը լուսարձակի տակ առաւ Ազրպէյճանի կողմէ ծրագրուած եւ գործադրուած, ցեղային զտման իսկական դրսեւորում հանդիսացող սումկայիթեան ոճրագործութիւններն ու սպանդները, որոնք պատճառեցին մեծաթիւ զոհեր, վիրաւորներ եւ գաղթական դարձուցին բազմաթիւ ուրիշներ: Ան դիտել տուաւ, որ օրին Խորհրդային Միութեան ղեկավարները անլուրջ եւ նոյնիսկ հեգնական վերաբերում ցուցաբերեցին այս դէպքերուն նկատմամբ, միջազգային մակարդակի վրայ եղան կարգ մը ճանաչումներ, իսկ Ազրպէյճան փորձեց եւ մինչեւ օրս կը փորձէ պատմութիւնը խեղաթիւրել:
Դեսպան Քոչարեան անդրադարձաւ արցախեան շարժումին, որ մերժում էր ազրպէյճանական ամէն տեսակի ոտնձգութեան եւ անարդարութեան, եւ որուն շնորհիւ հայութիւնը դարձաւ միասնակամ ու յաջողեցաւ տէր կանգնիլ իր իրաւունքներուն, հողը պաշտպանեց իր արեամբ եւ դարձաւ անկախ ու ինքնիշխան, իսկ այսօր մնայուն բարգաւաճման ու զարգացման ընթացքի մէջ է: Ան աւելցուց, որ այսօր եւս Հայաստանի, յատկապէս Արցախի սահմանին վրայ Ազրպէյճան կը կատարէ խախտումներ, սակայն հայկական հզօր բանակը ատակ է պաշտպանելու հայրենի սահմանները` դիտել տալով, որ միջազգային հանրութեան համար յստակ պէտք է ըլլայ, որ Ազրպէյճանն է կացութիւնը լարողը եւ ատելութիւն սերմանողը:
Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանը հաստատեց, որ նախորդ տարի յատկանշական էր համայն հայութեան համար, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը ոգեկոչեց տարբեր նախաձեռնութիւններով` հաստատելով, որ հայութիւնը մահը յաղթահարեց կեանքով: Իր խօսքը աւարտելով` դեսպան Քոչարեան ըսաւ, որ համայն հայութիւնը կը խոնարհի Ցեղասպանութեան եւ տարբեր սպանդներու զոհ գացածներուն յիշատակին դիմաց` կոչ ուղղելով միշտ միասնակամ ըլլալու եւ հաւաքական ուժով պաշտպանելու Հայաստանը, Արցախն ու հայկական բոլոր իրաւունքները:
Ապա իր պատգամը փոխանցեց Շահէ եպս. Փանոսեան, որ Սումկայիթի սպանդներուն յիշատակումը կարեւոր նկատեց նաեւ ներքին կեանքին համար, ուր հայութիւնը պէտք է զինուի ազգային յաւելեալ պարտականութեան գիտակցութեամբ, որովհետեւ հայրենիքին ամրութիւնը կախեալ է մեր միասնականութենէն: Ան դիտել տուաւ, որ Սումկայիթի մէջ խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ գործադրուած ազրպէյճանական նախածրագրուած սպանդը ծածկելու համար թրքական-ազրպէյճանական աշխատանք կը տարուի դէպքերը այլ կերպ ներկայացնելու: Առ այդ, մեր վերաբերումէն եւ վարուելակերպէն կախեալ է շատ բան, հաստատեց առաջնորդ սրբազանը` հաստատելով, որ Հայաստանի դիւանագիտութիւնն ու հայկական հանրութիւնը կոչուած են պատմութեան իսկութիւնը լուսարձակի տակ բերելու, տէր կանգնելու մեր իրաւունքներուն եւ դատին:
Շահէ եպս. Փանոսեան յորդորեց նոր կեանք տալ մեր նահատակներուն, թարմութեամբ օժտել մեր ազգային գիտակցութիւնը, կառչիլ մեր իրաւունքներուն եւ պարտականութիւններուն` Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի: Իր պատգամի աւարտին առաջնորդ սրբազանը խաղաղութիւն մաղթեց հայրենի սահմաններուն վրայ, յարատեւութիւն հայ ժողովուրդին եւ անսասանութիւն հայոց պետականութեան:
Յիշատակի հաւաքը աւարտեցաւ Հայաստանի քայլերգի հաւաքական երգեցողութեամբ:
Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ: