Հայ Ճարտարապետներու Եւ Ճարտարագէտներու Միութեան Վարչութեան Այցը Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդարան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/02/Իրան.jpg)
Փետրուար 25-ին թեմիս առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Ս. Արք. Սարգսեան առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Հայ ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու միութեան վարչութեան անդամները: Այս մասին«Հայերն այսօրը» կը տեղեկանայ Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդարանի ֆէյսպուքեան էջէն:
Առաջնորդ Սրբազան հայրը բարի գալուստ մաղթեց վարչութեան անդամներուն: Վարչութեան դիւանը հակիրճ զեկոյց տուաւ Սրբազան հօր իրենց գործունէութեան մասին` յայտնելով, որ յառաջիկայ Մայիսին վարչութիւնը մեծ շուքով պիտի նշէ իր միութեան հիմնադրութեան 30-րդ տարեդարձը:
Սրբազան հայրը մեծապէս գնահատեց վարչութեան աշխոյժ գործունէութիւնը, թելադրեց առաւել ներգրաւում մեր գաղութային կեանքին մէջ եւ օրհնաբեր ծառայութիւն մաղթեց միութեան եւ բոլոր միութենականներուն: