300,000 Տոլար Կը Հաւաքուի «Մեսրոպեան»ի 50ամեակին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/02/Մեսրոպյան.jpg)
Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Բաղրամեան» սրահին մէջ Փետրուար 20ին կայացած Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի 50ամեակի տօնակատարութեան ընթացքին հանգանակուած է 300,000 տոլար. վարժարանի անցեալի ու ներկայի կրթական ծառայութիւնը լուսարձակի տակ առնելու նպատակով, հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերած են աւելի քան 760 ներկաներ։
Վարժարանի 1982ի շրջանաւարտ եւ ներկայիս «Մեսրոպեան»ի տնօրէն Դաւիթ Ղուկասեան տօնակատարութեան բացումը կատարեց՝ պատմական իր մը՝ վարժարանի նախակրթարանի առաջին զանգակը հնչեցնելով, որմէ ետք Գոհարիկ Կապրիէլ արտասանեց բարի գալուստի խօսքը։ 50ամեակի տօնակատարութեան յանձնախումբի նախագահ եւ վարժարանի հիմնադիրներէն Մկրտիչ Մոսիկեանի դուստրը՝ Գոհարիկ Կապրիէլ, դրուատեց յանձնախումբի անդամներուն, նուիրատուներուն եւ հովանաւորներուն ներդրումները, որոնք առաջնորդած են այս յաջողութեան։
Իր կարգին, տնօրէն Ղուկասեան ողջունեց 50 տարիներէ եկած աշակերտներու ներկայութիւնը՝ զայն ցուցանիշ մը նկատելով ոչ միայն անցեալի իրագործումներուն, այլ՝ աշխոյժ ներկայի եւ խոստումնալից ապագայի։
Յիսնամեակի ձեռնարկի հանդիսավար եւ «FOX 11» պատկերասփիւռի կայանի «Կուտ Տէյ Էլ.Էյ.» յայտագիրի հաղորդավար Արաքսիա Կարապետեան, որ վարժարանին ու եկեղեցւոյ սիւներէն նկատուող Ճորճ Թումանճեանի զարմիկն է, ձեռնհասօրէն վարեց տօնակատարութիւնը:
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի օրհնութեան աղօթքին կողքին, կարդացուեցաւ նաեւ Արամ Ա. կաթողիկոսի յղած օրհնութեան գիրը։
Վերջերս Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի հիւպատոսարանի խորհրդական նշանակուած Ռազմիկ Ստեփանեան, Հայաստանի իշխանութեան անունով շնորհաւորեց վարժարանի 50ամեակը։
Սրահի մուտքին ցուցադրութեան դրուած էին աշակերտներու պատկանող ստեղծագործութիւններ, իսկ ձեռնարկին ընթացքին, վարժարանի անձնակազմի անդամներ եւ աշակերտներ երաժշտական ներկայացումներով ճոխացուցին մթնոլորտը։ Յատկանշական եղաւ նաեւ վարժարանի ուսուցչուհի Սիրանոյշ Սանտալճեան-Մոտրեքի եւ շրջանաւարտ ու վարժարանի երաժշտութեան ուսուցիչ Կրեկ Հոշարեանի միացեալ կատարումը, ինչպէս նաեւ՝ շրջան մը «Մեսրոպեան» յաճախած Սեպուհ Սիմոնեանի կողմէ 2 երգերու ներկայացումը։
Վարժարանի այլ շրջանաւարտ մը՝ Ճեք Հաճինեան, որ ներկայիս Մոնթեպելլոյի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ է, իսկ անցեալին եղած է անոր քաղաքապետը, ներկայացուց հետեւեալ պաշտօնատարներուն եւ մարմիններուն յղած շնորհաւորական գիրերն ու հռչակագիրները.
Քոնկրեսականներ Լինտա Սանչեզ եւ Կրէյս Նափոլիթանօ, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի եւ Ծերակոյտի անդամներ Քրիսթինա Կարսիա, Իըն Քալտերոն, Թոնի Էթքինզ, Քեւըն տէ Լիոն եւ Թոնի Մենտոզա, Լոս Անճելըս գաւառի ոստիկանապետ Ճիմ ՄըքՏանըլ, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Հիլտա Սոլիս, Մոնթեպելլոյի քաղաքապետական խորհուրդն ու Փիքօ Ռիվերայի քաղաքապետական խորհուրդը։ Յատկանշական է, որ Փիքօ Ռիվերայի քաղաքապետական խորհուրդին շնորհաւորագիրը եղած է երկլեզու՝ հայերէն եւ անգլերէն։
Տօնակատարութեան ընթացքին նաեւ մեծարումներ կատարուեցան։ Արդարեւ, «Մեսրոպեանի Ժառանգութիւն» մրցանակին արժանացան վարժարանի առաջին տնօրէն Թորգոմ Փօսթաճեան եւ Հայ կրթական հիմնարկութիւնը։
«Մեսրոպեանի Նուիրում» մրցանակին արժանացաւ բարերար Գոհարիկ Կապրիէլ։
«Մեսրոպեանի Յանձնառութիւն» մրցանակին արժանացաւ ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէն։
«Մեսրոպեանի Ազդեցութիւն» մրցանակին արժանացաւ 1982ի շրջանաւարտ եւ դպրոցի 30 տարիներու ուսուցչուհի Նայիրի Ղուկասեան։
«Մեսրոպեանի Ոգի» մրցանակին արժանացաւ 2000ի շրջանաւարտ եւ կատակաբան Քոնան Օ՛Պրայընը Հայաստան առաջնորդած Սոնա Մովսիսեան։
«Շրջանաւարտից Իրագործում» մրցանակին արժանացաւ 1980ի շրջանաւարտ դոկտ. Քեթրին Ֆընտքեան-Թորոսեան, որ ներկայիս Մոնրովիայի միացեալ կրթաշրջանի վերահսկիչն է։
Ձեռնարկի գլխաւոր նուիրատուները եղան Գոհարիկ Կապրիէլ (50,000 տոլար), Հայկ եւ Հիլտա Մանճիկեաններ (30,000) եւ Ռալֆ եւ Սաւի Թիւֆէնքեաններ՝ ի յիշատակ «Մեսրոպեան»ի աշակերտ եղած իրենց զաւակին՝ Ռիչըրտին (20,000)։
10,000ական տոլարի նուիրատուութիւններ կատարեցին ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէն, Հայկ եւ Արկին Քելեկեաններ, Մինասեան եւ Չալեան ընտանիքներ՝ ի յիշատակ Կիրակոս Մահտեսեանի եւ Աշոտ Տէր Մինասեանի, Մոսիկեան ընտանիք՝ ի յիշատակ Մկրտիչ Մոսիկեանի, ինչպէս նաեւ՝ Սարգիսեան ընտանիք («NASA Services, Inc.»), Միսակ Միքի Բարսեղեան եւ Ճօ եւ Նուէր Սամուէլեաններ։
Վարժարաններու եւ համալսարաններու Արեւմտեան միութեան (WASC) կողմէ վարկաւորուած Մեսրոպեան Ազգային վարժարանը հիմնադրուած է 1965ին։ Անոր շրջանաւարտներու ցանկին վրայ այսօր կան կրթական մշակներ, ուսուցիչներ, մանկավարժներ, բժիշկներ, իրաւաբաններ, ատամնաբոյժներ, ճարտարագէտներ, հոգեբաններ եւ այլ մասնագիտութեանց տէր յաջողակ անձնաւորութիւններ:
Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ: