Կլենտէյլի Քաղաքապետարանը Ամերիկահայութեան Թանգարանին Համար Նոր Վայր Կ՛առաջարկէ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/02/Armenian-American-Museum-Logo-Vertical.jpg)
«Կլենտէյլ Նիուզ Փրէս»ի լրագրող Արին Միքայէլեան անդրադարձած է Կլենտէյլի մէջ կառուցուելիք Ամերիկահայութեան թանգարանի վայրին շուրջ տարակարծութեան՝ նշելով, թէ Փետրուար 23ի նիստին ընթացքին, քաղաքապետական խորհուրդը փորձած է համոզել թանգարանի վարչութիւնը՝ թանգարանին համար նախապէս առաջադրուած վայրը փոխելու մասին։
Արդարեւ, առաջադրուած է թանգարանը կառուցել քաղաքամէջը գտնուող Կեդրոնական զբօսայգիի վայրը՝ «Սիվիք Օտիթորիըմ»ին կից եւ Վըրտուկօ-Մաունթըն պողոտաներու խաչմերուկին անկիւնը գտնուող 1.17 արտավար (էյքըր) տարածքին վրայ կառուցելու փոխարէն։
Միքայէլեան կը գրէ, թէ մինչ քաղաքապետական խորհուրդը նախապէս խանդավառ էր թանգարանի ծրագիրով եւ անոր վայրով, յառաջանալիք խճողումին նկատմամբ շրջանի բնակչութեան ներկայացուցած մտահոգութիւնը կը թուի փոխած ըլլալ Մարմինին կեցուածքը։
«Չենք ուզեր ստեղծել այնպիսի վիճակ մը, ուր քաղաքին մէջ համայնք մը միւսին դէմ դիրքորոշուած ըլլայ։ Թանգարանին գաղափարը հոյակապ է, եւ պարզապէս անոր համար լաւագոյն վայրը կը փնտռենք այժմ», յայտարարած է Կլենտէյլի քաղաքապետ Արա Նաճարեան։
Կլենտէյլ քաղաքի վարիչ Սքաթ Օչօա առաջարկած է նոր վայրը՝ Քոլորատօ եւ Լուիզ փողոցներուն անկիւնը գտնուող մօտաւորապէս 3 արտավարնոց զբօսայգին։
Օչօային համաձայն գտնուած է Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Զարեհ Սինանեան, յատկապէս անոր համար, որ զբօսայգին կը գտնուի քաղաքամէջը, ուր աւելի մեծ թիւով մարդիկ կ՛այցելեն եւ ուր կեդրոնացած են քաղաքի արուեստի հաստատութիւնները։
Քննարկումէն ետք քաղաքապետական խորհուրդը յանձնարարած է այս հարցով հանդիպում մը ունենալ Ամերիկահայութեան թանգարանի վարչութեան հետ, տեղափոխութեան կարելութիւնները քննելու նպատակով։
Թանգարանի ծրագիրի համայնքային յարաբերութիւններու վարիչ Տիգրանա Զաքարեան նշած է, թէ մինչ առաջին հայեացքով կարգ մը դժուարութիւններ նկատելի են նոր առաջադրուած վայրին նկատմամբ, յաւելեալ ժամանակ հարկաւոր է առաջարկը լաւապէս քննարկելու համար։ Ան աւելցուցած է, թէ կարեւորը այն է, որ բոլոր կողմերը կը փափաքին Կլենտէյլի մէջ կառուցել Ամերիկահայութեան թանգարանը։
Իր կարգին, ուսուցչուհի Թալին Արսէնեան նշած է, թէ Կլենտէյլի համայնքային քոլեճին դիմաց գտնուող նախապէս առաջարկուած վայրը կարեւոր էր այն իմաստով, որ պիտի կրկնապատկէր թանգարանին դաստիարակչական կարելիութիւնները։ Ան նաեւ չափազանցուած համարած է խճողումին գծով արտայայտուած մտահոգութիւինները։
Այս գծով, Ամերիկահայութեան թանգարանի վարչութեան համաատենապետներ՝ առաջնորդներ Յովնան արք. Տէրտէրեան եւ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Փետրուար 26ին նշած են, թէ նկատի պիտի առնուին շրջանի բնակիչներուն մտահոգութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ թանգարանը քաղաքամէջ փոխադրելու կարելիութիւնները։
Իր կարգին, թանգարանի գործադիր մարմինի ատենապետ Պերճ Կարապետեան ողջունած է Կլենտէյլի մէջ բարձրորակ թանգարան մը կառուցելու ծրագիրին ցուցաբերուած աջակցութիւնը՝ յիշեցնելով, որ նախապէս քննուած էր թանգարանը քաղաքի կեդրոնական շրջաններուն մէջ կառուցելու կարելիութիւնը, սակայն նոր առաջարկուող վայրը տակաւին տրամադրելի չէր 2014ին, երբ թանգարանին յարմար վայր մը կը փնտռուէր։
Նշենք, որ Ամերիկահայութեան թանգարանի վարչութեան մաս կը կազմեն շրջանի հայկական գլխաւոր ինը կազմակերպութիւններ եւ հաստատութիւններ։
Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ: