Ատիս Հարմանտեանի «Ատիս երգի ճամբով» գիրքի շնորհահանդէսը

Երէկ` հինգշաբթի, 25 փետրուար 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ատիս Հարմանտեանի «Ատիս երգի ճամբով» գիրքի շնորհահանդէսը` հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանին:
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Հուրի Փափազեան-Էմիեան: Ան նախ անդրադարձաւ հայ երգին ու երաժշտութեան ներգործող դերին, ապա ըսաւ, թէ հայ երգը հայ ժողովուրդին տուած է ապրելու եռանդ ու գոյատեւելու կամք: Իսկ հայ իրականութեան մէջ Ատիս Հարմանտեանի ներկայութիւնը եկած է հաստատելու, որ հայ երգը առաջնահերթութիւն է, իսկ հայ արուեստը պէտք է գոյատեւէ, որպէսզի սերունդները ապրին ու տարածեն հայ մշակոյթը: Հուրի Փափազեան-Էմմիեան ըսաւ, թէ սիրելի ու այժմէական կը մնան Ատիս Հարմանտեանին երգերը, որոնցմով սերունդները արտայայտած են իրենց սէրը եւ զայն փոխանցած իրենց զաւակներուն: Ան «Վանայ Ձայն» ընտանիքին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Ատիսին` հայ երգի պահպանման ճամբուն վրայ ունեցած դերակատարութեան համար: Բացման խօսքէն ետք ներկաները դիտեցին Ատիս Հարմանտեանի կեանքին ու երաժշտական գործունէութեան մասին պատմող ժապաւէն մը:
Հանդէս եկաւ Լորիկ Սապունճեան-Ծատուրեան եւ ներկայացուց «Ատիս երգի ճամբով» գիրքը: Ան խօսեցաւ Ատիս Հարմանտեանի կեանքին ու երաժշտական գործունէութեան հանգրուաններուն մասին` մէջբերելով դրուագներ ու հաճելի դէպքեր անուանի երգիչի պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան օրերէն: Լ. Սապունճեան-Ծատուրեան մանրամասն ներկայացուց, թէ ինչպէ՛ս Ատիսով ծնունդ առած է Լիբանանի մէջ հայկական էսթրատային երգը:
Ան ակնարկեց նաեւ Ատիսի շրջագայութիւններուն դէպի արեւմուտք, շրջանի երկիրներ եւ մանաւանդ անոր այցելութիւնը Հայաստան:
Ելոյթ ունեցաւ Ռիթա Պոյաճեան: Ան ըսաւ, թէ անցնող 50 տարուան ընթացքին հայ երգարուեստի պատմութեան մէջ իւրայատուկ տեղ գրաւած է Ատիս Հարմանտեան:
Ատիսին երգերը հնչած են ու կը շարունակեն հնչել բոլորին շրթներէն` խոր զգացողութեամբ: Ան դիտել տուաւ, թէ Ատիս փայլած է ու տակաւին կը շարունակէ իր ինքնուրոյն փառքը պահել իր երգերով, ոճով, իր զգացմունքային հրապուրիչ ելեւէջներով: Ռ. Պոյաճեան աւարտեց իր խօսքը նշելով, թէ քանի կայ հայ երգը, պիտի յիշուին ու հնչեն Ատիս Հարմանտեան գրաւիչ անհատականութեամբ սիրոյ երգիչին երգերը:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Յակոբ Հանտեան, որ դիտել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս Ատիս լիբանանահայ իրականութեան մէջ յանդգնութիւնը ունեցած է հայկական էսթրատային երգերով խանդավառելու ոչ միայն լիբանանահայ գաղութին առօրեան, այլեւ սփիւռքի ամբողջ հայութիւնը` անոր մատուցելով հայկական տոհմիկ երաժշտութիւն արդիականացած ձեւով: Անդրադառնալով համաշխարհայնացման օտարացնող զօրաւոր հոսանքին` Հանտեան ըսաւ, թէ հայութեան պէտք են նոր արուեստագէտներ` Ատիսին պատկերով: Իր խօսքի աւարտին ան Ատիս Հարմանտեանին մաղթեց արեւշատութիւն եւ քաջառողջութիւն, որպէսզի շարունակէ խանդավառել հայ ժողովուրդը իր համերգներով: Իսկ հայ ժողովուրդին մաղթեց, որ նորանոր Ատիսներ ծնի այսօրուան օտարաբոյր պայմաններուն մէջ:
Ձեռնարկի ընթացքին Լենա Րագուպեան ընթերցեց Վահան Վահանեանի (Ճանսըզեան) իբրեւ նախաբան գրած «Ատիս, Ատիս, միայն Ատիս» գրութիւնը, որուն մէջ կ՛ըսուի, թէ Ատիսով եղաւ հայ երգին փրկութիւնը, որ խեղդամահ ըլլալու վտանգին առջեւ կը գտնուէր: Կ՛ըսուի նաեւ, թէ Հարմանտեան օժտուած էր ոչ միայն ոսկի ձայնով, այլ նաեւ բեմական կերպարով:
Ձեռնարկին խօսք առաւ նաեւ Յովսէփ Էսքիճեան: Ան իր վկայութիւնը տալով պատմեց իր յուշերը Ատիս Հարմանտեան երգիչի երաժշտական գործունէութեան հետ կապուած: Ան ըսաւ, թէ տասնամեակներ շարունակ Ատիս սպասարկած է հայ երգին ու արուեստին: Ան հակաթուրք պայքարին նպաստած է երգի ճամբով: Էսքիճեան մաղթեց, որ Ատիս երիտասարդ ոգիով շարունակէ իր նպաստը բերել հայ երգի ու երաժշտութեան տարածման եւ պահպանման:
Ելոյթ ունեցաւ «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանի տնօրէն Աւետիս Կիտանեան: Ան ըսաւ, թէ պատուելով Ատիս Հարմանտեանը կը պատուըւի նաեւ «Վանայ Ձայն»-ը, որուն առաքելութիւնն է հայ երգը պահել ու տարածել` մեծարելով միաժամանակ հայ արուեստի ու մշակոյթի, հայ իրականութեան մեծերը եւ արժանաւորները:
Խօսք առաւ Նորայր եպս. Աշըգեան: Ան գնահատեց «Վանայ Ձայն»-ի կազմակերպած մեծարանքի այս երեկոն` Ատիսի 50 տարուան երաժշտական վաստակին դիմաց: Ապա Ատիս Հարմանտեանին մաղթեց վերանորոգ կամքով շարունակել սրբազան առաքելութիւնը:
Սրտի խօսքէն ետք Նորայր սրբազանը կարդաց Արամ Ա. կաթողիկոսին կոնդակը Ատիս Հարմանտեանը Մեսրոպ Մաշտոցի շքանշանով պարգեւատրելու առիթով:
Ելոյթ ունեցաւ Ատիս Հարմանտեան: Ան ըսաւ, թէ իր երազային փափաքները արդէն իրականութիւն սկսած են դառնալ: Ան խորին երախտագիտութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէնութեան ու անձնակազմին, մամուլի ներկայացուցիչներուն, օրուան նախագահ Սեմ եւ Լենա Րագուպեաններուն, կնքահայր զօրավար Նազարէթ եւ Մարալ Գաբրիէլեաններուն, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանին եւ նաեւ գիրքի մեկենասներուն: Ապա ըսաւ. «Շրջած եմ ու աշխատած շատ երկիրներ, բայց ծնած եմ Լիբանան, իմ երգերս ծնած են Լիբանանի մէջ, հետեւաբար ես բան չեմ ներկայացներ` առանց իմ ժողովուրդիս, որովհետեւ ժողովուրդս տասնամեակներ շարունակ հաւատք ընծայեց իմ արուեստիս»: Ան եզրափակեց խօսքը նշելով. «Կը խոնարհիմ արուեստասէր ժողովուրդիս դիմաց ու կ՛ըսեմ. շնորհակալութիւն»:
Տեղի ունեցաւ «Ատիս երգի ճամբով» գիրքի գինեձօնը, որմէ ետք երգիչը ընդունեց ներկաներուն շնորհաւորանքները: Այս առիթով տեղի ունեցաւ նաեւ հիւրասիրութիւն:
Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ: