Մանուշեանի խմբակին գնդակահարման 72րդ տարելիցին ոգեկոչումը Նէօյիի սինակոկին մէջ

1944 Փետրուար 21ին, Ֆրանսայի համար նահատակուած Հայերու եւ Հրեաներու յիշատակի ոգեկոչման պաշտօնական արարողութիւնը, որ կազմակերպուած էր Բանակներու իսրայէլեան հոգեւոր վերակացութեան եւ Ֆրանսահայ նախկին ռազմիկներու եւ դիմադրականներու ընկերակցութեան (ANACRA) կողմէ, տեղի ունեցաւ Փետրուար 22ին, փարիզեան արուարձաններէն Նէօյի-սիւռ-Սէնի սինակոկին մէջ, ներկայութեամբ ՀՀ դեսպան Վիգէն Չիտեչեանի եւ Ֆրանսայի ռաբունապետ Խայիմ Գորսիայի:

Մուտքին՝ կիները առաջնորդուեցան դէպի ձախ կողմը, որ իրենց վերապահուած է. այրերը առանց դաւանանքի զանազանութեան՝ գդակ կրեցին:

Սինակոկը շուտով լեցուեցաւ. Հրեաները եւ Հայերը յաջորդաբար ունեցան ելոյթներ:

Սինակոկի երիտասարդ ռաբունի՝ Միքայէլ Ազուլէի ջերմ խօսքերուն յաջորդեց ANACRA-ի աշխոյժ նախագահ Անթուան Պաղտիկեանի ուղերձը: Ան սեղմ բայց ճշգրիտ կերպով յիշեցուց՝ Հայ Միսաք Մանուշեանի Ֆրանսայի մէջ ներկայութեան պատճառը, որ 1915ի Ցեղասպանութիւնն էր, որու ընթացքին ան կորսնցուցած է իր բոլոր հարազատները:

Ֆրանսահայ թեմի անդրանիկ առաջնորդ Նորվան Արք. Զաքարեան աղօթեց մեռեալներու յիշատակին. շատ յաժող կերպով իրեն ընկերակցեցաւ պարիթոն Մկրտիչ Մկրտչեան:

Հրէական աղօթքի երգեցողութիւնը կատարեց հոգեւորական Մոիզ Թայէպ, որ կը ղեկավարէր արարողութիւնը:
Ապա երկու հոգիի կողմէ միասնաբար արտասանուեցաւ Մոն Վալէրիէնի մէջ նացիներու կողմէ գնդակահարուած «Կարմիր որմազդ»ի՝ Մանուշեանի խմբակի 23 օտարականներէն իւրաքանչիւրին անունը. Դիմադրութեան ամէն մէկ հերոսին անունին յիշատակումին միաձայն յաջորդեց՝ «Նահատակուած՝ Ֆրանսայի համար»:

Արակոնի բանաստեղծութիւնը արտասանուեցաւ Բանակներու հոգեւորական Ժոէլ Ժոնասի ելոյթէն առաջ:
Սովորաբար հայածէս արարողութեանց կատարուածին շատ մօտ՝ Ֆրանսայի համար աղօթքին յաջորդեց Ֆրանսայի ռաբունապետ Խայիմ Գորսիայի ուղերձը:

Ան ընդգծեց Անթուան Պաղտիկեանի հետ հաստատուած եղբայրական կապերը եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց ի տես այն երեւոյթին, որ Հայերը եւ Հրեաները միասնաբար կը կատարեն այս արարողութիւնը: Յիշեցուց Մանուշեանի այն խօսքը, թէ մարդոց մէջ գտնուող չարիքին դէմ է, որ պէտք է պայքարիլ, ոչ թէ՝ մարդոց իսկ: Արդարեւ, Դիմադրականներու թիրախը Գերմանացիները չէին, այլ՝ նացիները:

Բարեկամութեան բաժակով մը վերջ գտաւ արարողութիւնը:

Տիրուհի Մ. Պարտաքճեան

«Նոր Յառաջ»

Scroll Up