Երիտասարդ Հայ Քիմիագէտը Միջազգային Մրցանակի Արժանացած Է

Քիմիական գիտութիւններու դասախօս Իւան Աբրահամեան արժանացած է քիմիայի բնագաւառին մէջ հեղինակաւոր «Քրամ Լեն Փեթերսոն» մրցանակին: Այս մասին, ըստ«Հայերն այսօրի», կը յայտնէ «Ասպարէզը»:
Այս մրցանակը կը շնորհուի այն քիմիագէտներուն, որոնք բացառիկ հետազօտական աշխատանք կատարած են Supramolecular քիմիայի բնագաւառին մէջ եւ իրենց թեկնածուական ատենախօսութիւնը պաշտպանած են վերջին 10 տարիներուն ընթացքին:
«Ես շատ շոյուած եմ: Սա Supramolecular քիմիայի բնագաւառին մէջ ամենակարեւոր մրցանակն է, որ կրնայ ստանալ իմ տարիքի գիտնականը»,-ըսած է Իւան Աբրահամեան:
Երիտասարդ հայ գիտնականը յայտնի է մասնիկի անջատիչներու իր աշխատանքով: Յուլիսին Հիւսիսային Գորէայի մէջ ան դասախօսութեամբ հանդէս պիտի գայ Սուպերմոլեկուլեար քիմիային նուիրուած 11-րդ միջազգային գիտաժողովին: