Տինքի Սպանութեան Գործով Աղմկահարոյց Նոր Փաստաթուղթ Մը Յայտնուած Է

Թրքական Radikal-ը կը գրէ, որ «Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան ժամանակ փաստաթուղթ մը յայտնուած է, որուն համաձայն, Թուրքիոյ «Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը» որոշած էր պայքարիլ քրիստոնեայ քարոզիչներու դէմ, կը յայտնէ yerkirmedia.am-ը:

Ըստ հայկական «Մարմարա» պարբերականի, դեռեւս 2002 թուականին Խորհուրդը պահանջած է անհրաժեշտ ձեռնարկներ իրականացնել քարոզիչներուն դէմ, օրինակ` արգիլել աղօթատեղիներու բացումը, վերահսկողութիւն սահմանել կրթական հաստատութիւններուն մէջ, անգամ արտակարգ իրավիճակներու պարագային  արգիլել մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու նպատակով քրիստոնեաներու մուտքը Թուրքիա: Այս գործին մէջ ներգրաւուած է նաեւ Ներքին գործոց նախարարութիւնը:

Քրիստոնէական քարոզչութեան դէմ պայքարը ապացուցող փաստաթուղթը առաջին անգամ չի հրապարակուիր, սակայն, ըստ «Մարմարա»-ի, լրագրող Հրանդ Տինքի սպանութեան գործի թղթաբանութեան մէջ այն տեսնելով` կարելի է մտածել, որ իշխանութիւնները շատոնց  մտահոգուած էին Թուրքիոյ մէջ քրիստոնէութեան տարածման եւ քարոզչութեան առիթով:

Scroll Up