Հայ-Ամերիկեան Թանգարանը Կը Կառուցուի Կլէնտելի Կեդրոնական Զբօսայգիին Մէջ

Կլէնտելի քաղաքային խորհուրդը Հայ-ամերիկեան թանգարանի նախագիծի հեղինակներուն առաջարկած է նախանշուած վայրի փոխարէն թանգարանը կառուցել քաղաքի Կեդրոնական զբօսայգիին մէջ, armradio.am-ի փոխանցմամբ` կը յայտնէ  Glendale News Press- ը:

Աւելի քան մէկ տարի առաջ խորհուրդի անդամները Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի կոմիտէին հետ ստորագրած էին բացառիկ բանակցային համաձայնագիր, որ թոյլ կու տար  նախագծող խումբին Վերտուկօ Ռոատի եւ Մաունթայն Սթրիթի կողքին` մօտ 5 հա կայանատեղիին վրայ, կառուցել թանգարանը:

Քաղաքապետ Արա Նաճարեան նշած է, որ խորհուրդի նպատակը չէ համայնքները տարանջատել մէկը միւսէն: «Թանգարանի գաղափարը հիանալի է: Մենք բոլորս ատոր համար կը փորձենք գտնել լաւագոյն վայրը»,- ըսած է ան:

 

Scroll Up