«Հայոց Այբուբենը Դարձնենք Մեր Երեխաներու Թալիսման»

Պատեն-Վիւրտենպերկի հայկական համայնքը Գերմանիոյ մէջ գործող միութիւններէն ամենաաշխուժներէն է, որ տարին մէկ անգամ կը կազմակերպէ նաեւ հայկական մշակութային շաբաթ` համեմուած հայկական մշակոյթին, արուեստին նուիրուած բազմաբովանդակ ձեռնարկներով: Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը յայտնեն Գերմանիոյ իր աղբիւրները:
Արդէն երեք տարի հայկական համայնքը իր ձեռնարկները կ’իրականցնէ Շթութկարտի Մարթին Լիւթեր աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, ուր ամիսը երկու անգամ կը մատուցուին պատարագներ, իսկ եկեղեցւոյ համայնքի լուսաւոր, ընդարձակ սրահին մէջ կ’իրականացուի հանդիպումներ, հաւաքոյթներ, կիրակնօրեայ դպրոցի դասեր, հայկական պարերու դասընթացներ: Այս ուսումնական տարուան կիրակնօրեայ դպրոց յաճախողներու թիւը հասած է 30-ի:
2016 թ. Ապրիլ 24-ին, այդ եկեղեցւոյ մէջ պիտի հնչէ հայ մեծանուն երաժշտահան Տիգրան Մանսուրեանի «Ռեքուիեմը»` երաժշտահանի ներկայութեամբ:
2016 թ. Փետրուար 21-ին կիրակի օրը մարդաշատ էր Պատեն-Վիւրտենպերկի հայկական համայնքի միութեան մէջ: Նոյն օրը եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագէն, համայնքի սրահին մէջ` ճաշկերոյթէն յետոյ, տեղի ունեցաւ Լիզա Պերքեան-Աբրահամեանի` «Արա Պերքեան» գիրքի շնորհանդէսը եւ անոր բանախօսութիւնը` նուիրուած Մայրենի լեզուին:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ քահանայ Տիրատուր Սարդարեան, որ դրուատանքի ջերմ խօսքեր ըսաւ գերմանահայ ազգային գործիչ, ճարտարապետութեան եւ ինժեներութեան դոկտոր, գրող Արա Պերքեանի եւ «Արա» Պերքեան» ժողովածուի հասցէին:
Օրուան բանախօս Լիզա Պերքեան-Աբրահամեան, որ 220 քմ ճանապարհ անցնելով Վիսպատենէն հասած էր Շթութկարտ, ջերմ ու սրտառուչ խօսք ըսաւ հայութեան, օտար ափերու վրայ հայ մնալու, մայրենի լեզուի, հայ գիրի ու դպրութեան մասին եւ ներկայացուց «Արա Պերքեան» գիրքը:
Բանախօսը մեծապէս կարեւորեց մայրենի լեզուի դերը, նշեց, որ Մեսրոպեան այբուբենը դիմացաւ մեր ժողովուրդին պատուհասած բոլոր աղէտներուն, դարեր շարունակ գիրը, դպրութիւնը պահեց մեր ինքնութիւնն ու հայութիւնը:
-Մենք` աշխարհացրիւ հայութիւնս պէտք է հայոց այբուբենը դարձնենք մեր երեխաներու թալիսմանը, այն ոչ թէ պարանոցին կրեն, այլ` շաղախենք անոնց էութեան, ոսկեղինիկ Մայրենիի համուհոտը մօտեցնէք մեր զաւակներու քիմքին, որ արեւի շողի պէս ջերմացնէ անոնց կեանքը:
Անդրադառնալով Արա Պերքեանի կեանքին ու գործունէութեան, ան նշեց, որ վերջինս հայ մշակոյթի իւրօրինակ դեսպան էր Գերմանիոյ մէջ, որ անխոնջ աշխատանք կատարեց օտար ափերու` հայկական մշակութային էութիւնը աշխարհի մէջ ճանաչելի դարձնելու, հայրենակիցներուն հայ լեզուին ու ակունքներուն մերձեցնելու, գերմանահայկական յարաբերութիւնները վերստին նորոգելու, հայ դատի ձայնը լսելի ընելու գործին մէջ:
Այնուհետեւ Լիզա Պերքեան-Աբրահամեան պատմեց, թէ ինչպէս ծնաւ այս գիրքը, որ կը պատմէ ոչ միայն, թէ ի սէր հայութեան որքան յարատեւ աշխատանք կատարեց Արա Պերքեան, այլեւ ընթերցողը կրնայ պատկերացում կազմել Պերքեանի միջավայրի հայ մշակոյթի եւ հասարակական կեանքի շատ նշանաւոր դէմքերու մասին:
Խօսքի աւարտին բանախօսը համայնքի մարդոց առաւել ուժ ու կորով մաղթեց` օտար ափերու վրայ հայ ինքնութիւնը պահելու դիմադրական պայքարին մէջ:
Այնուհետեւ ան պատասխանեց ներկաներու բազմաթիւ հարցերուն:
Ձեռնարկը ամփոփեց քահանա Տիրատուր Սարդարեան, որ խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Լիզա Պերքեան-Աբրահամեանին` գեղեցիկ, ուսանելի յուզիչ բանախօսութեան համար, վստահեցնելով, որ պիտի շարունակուին համատեղ աշխատանքները, եւ մէկ անգամ եւս շեշտեց, որ Արա Պերքեանի կեանքը օտար ափերու վրայ նուիրում եղաւ հայուն, հայկականութեան, Հայաստանին, օրինակ դարձաւ հայրենիքէն դուրս ապագայ որոնող ամէն հայու համար:
Լիզա Պերքեան-Աբրահամեան «Արա Պերքեան» գիրքէն օրինակներ նուիրեց համայնքի գրադարանին: