Մէճլիսի Պատգամաւորի Հայ Թեկնածուն Կարեւոր Կը Համարէ Իրանահայերու Կեանքի Յառաջընթացը

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան 10-րդ գումարման Խորհրդարանի ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Փետրուար 26-ին, որուն առաջադրուած 9 իրանահայ թեկնածուներէն երկուքը ինքնաբացարկ յայտնած են: Արդիւնքով 7 իրանահայեր կը պայքարին օրէնքով յատկացուած երկու տեղերու համար: Նշենք, որ թեկնածուներէն մէկը պիտի ընտրուի հիւսիսային հատուածէն, միւսը` հարաւային:

Tert.am-ը զրուցած է ներկայիս Մէճլիսի պատգամաւոր, պատգամաւորի 7 հայ թեկնածուներէն մէկուն` Կարէն Խանլարեանի հետ: Վերջինս նշեց, որ ներկայիս հարաւային հատուածի տեղի համար կը պայքարին երկու թեկնածու, իսկ հիւսիսայինի` 5 թեկնածու: Նախ խօսելով այս 7 թեկնածուներու ծրագիրներուն մասին` ան նշեց, որ նպատակային ու ռազմավարական առումով ատոնց մէջ հիմնական տարբերութիւններ չկան` բոլորն ալ կը մտածեն Իրանի ազգային շահերու ու հայ համայնքի ընկերային, տնտեսական, մշակութային կեանքի յառաջընթացի մասին:

«Բայց կան քաղաքական հայեացքներու տարբերութիւններ, որոնք կ’արտացոլուին նոյն ծրագիրներուն մէջ մատնանշուած լուծումներով: Ես ինքս իրանական քաղաքական դաշտին մէջ որեւէ ուժի չեմ հարիր, որովհետեւ աւանդաբար իրանահայերը պահպանած են չէզոքութեան դիրքեր: Ներազգային եւ համայնքային առումով ես կը հարիմ ազգային, ժողովրդավարական գաղափարախօսութեան, եւ ինքզինքս կը համարեմ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան արժէքային համակարգի կրողը»-ըսաւ ան:

Ըլլալով գործող պատգամաւոր եւ խօսելով անցած 4 տարիներուն ընթացքին կատարած գործունէութեան մասին` պատգամաւորը նշեց, որ իր ջանքերը ուղղած է հայ-իրանական յարաբերութիւններու զարգացման, ու այդ իմաստով կան որոշ ձեռքբերումներ, որոնք կարելի է աւելի զարգացնել:

«Իմ յաջորդ խնդիրս այս տարիներուն եղած է Հայոց ցեղասպանութեան արծարծման խնդիրը: Այդ ուղղութեամբ մենք խնդիր  դրած ենք, որ աստիճանաբար Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման կեցուածքը ի յայտ գայ օրէնսդիր ոլորտին մէջ: Մասնաւորապէս, Իրանի խորհրդարանի փոխխօսնակին հրաւիրած ենք մեր պարսկալեզու ձեռարկներուն, եւ ան դատապարտական խօսքեր ըսած է Հայոց ցեղասպանութեան կապակցութեամբ»,-ըսաւ  ան:

Կարէն Խանլարեան նաեւ նշեց, որ ինք անցած 4 տարիներուն աջակցած է  երիտասարդներու խնդիրներուն` կապուած զինուորական ծառայութեան եւ ուսումնական հարցերու հետ: Ինչ կը վերաբերի յառաջիկայ ընելիքներուն, ապա պատգամաւորը նշեց, որ ԻԻՀ-ն վերջապէս ազատուած է արեւմտեան պատժամիջոցներէն, ինչ որ կը նշանակէ, որ Իրանի առջեւ կը բացուին տնտեսական, առեւտրային, դիւանագիտական, հեռահաղորդակցային նոր հեռանկարներ, որմէ պէտք է կարենայ օգտուիլ նաեւ հայ համայնքը:

«Ես իմ ծրագիրին մէջ մտցուցած եմ լուրջ ուսումնասիրութիւններ` կապուած տնտեսական ու առեւտրային նոր հնարաւորութիւններու հետ` ինչպէս կրնայ օգտուիլ մեր համայնքը  կենսամակարդակը որոշ չափով բարելաւելու համար: Սա նաեւ կրնայ սահմանափակել արտագաղթի չափերը Իրանէն, որ մեր համայնքի գերխնդիրներէն մէկն է: Իմ ծրագրային խնդիրներէն մէկը նաեւ իրանահայերու արտագաղթի կասեցումն է: Թէեւ մենք կրնանք պահել որակական մասը եւ ապահովել որոշակի աճ, բայց կը կարծեմ` Իրանի նկատմամբ կիրառուած պատժամիջոցները հանելէ յետոյ իրանահայերու արտագաղթը որոշակի կանգ կ’առնէ, անգամ որոշները կը վերադառնան Իրան, որուն օրինակները արդէն կան»,-ըսաւ ան:

Scroll Up