Բարեկենդանը Քեսապի Մէջ

Ուրբաթ, 12 Փետրուար 2016-ին Քեսապի Ժողովրդային տան մէջ տեղի ունեցաւ բարեկենդանի ձեռնարկ, կազմակերպութեամբ Ս.Օ.Խաչի «Մեղրի» Մասնաճիւղի Վարչութեան եւ «Սիփան» խումբի ընկերուհիներուն:
Սոնա Թրթռեան կատարեց բացման խօսքը եւ ներկայացուց «բարեկենդան» բառին իմաստը, մանրամասնօրէն անդրադառնալով Քեսապի մէջ կատարուած մեր աւանդական տօնակատարութիւններուն եւ սովորութիւններուն :
Թալին Ղազարեան եւ Րանիա Ճղլեան զանազան խաղերով ճոխացուցին ձեռնարկը, որոնց ընթացքին ներկաները ծպտուեցան փոխանցելով տօնակատարութեան նշանակութիւնն ու իմաստը մեր հայ իրականութենէն ներս:
Այս տօնական ջերմ մթնոլորտի ընթացքին ներկաները հիւրասիրուեցան հատիկով, համեղ խմորեղէնով եւ անուշեղէնով, որոնք պատրաստուած էին մեր անձնուէր ընկերուհիներուն կողմէ:
Նայիրի Մելքոնեան

Գանձասար

Քեսապ

Scroll Up