Ֆրոմըր Եւ Քալիֆորնիոյ Դպրոցներու Պաշտօնեաներու Միութիւնը Նեցուկ Կը Կանգնին Արտաշէս Քասախեանի Ընտրապայքարին

Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի ընտրութեանց իր թեկնածութիւնը դրած Արտաշէս «Արտի» Քասախեանի ընտրապայքարի գրասնեակը կը տեղեկացնէ, թէ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի մեծամասնութեան նախկին ղեկավար Տարիօ Ֆրոմըր եւս որոշած է աջակցիլ Քասախեանի ընտրապայքարին՝ իր ձայնը միացնելով քաղաքական շարք մը այլ ղեկավարներու զօրակցական կոչերուն։

Նշենք, որ Ֆրոմըր 2000-2006ին, նահանգային խորհրդարանին մէջ ներկայացուցած է 43րդ ընտրատարածքը, որուն համար այժմ պայքար կը մղէ Քասախեան։ Այդ աթոռը զբաղեցուցած այլ նախկին երեսփոխան մը՝ Փօլ Գրիգորեան, նմանապէս կը զօրակցի Քասախեանի ընտրապայքարին։

«Արտի Քասախեան զօրաւոր արմատներ նետած է համայնքին մէջ. անոր նուիրումը՝ տեղւոյն վարժարանները եւ ապահովական կացութիւնը բարելաւելու ջանքերուն զինք կը դարձնէ այս պաշտօնի լաւագոյն թեկնածուն», յայտնած է Ֆրոմըր։

Քալիֆորնիոյ դպրոցներու պաշտօնեաներու միութիւնը Փետրուար 23ին յայտարարեց, թէ պիտի աջակցի Քասախեանին։ Աւելի քան 237,000 պաշտօնեաներ ներկայացնող այս միութեան գործադիր վարիչ Տէյվ Լօ յայտարարած է, թէ Քասախեանին զօրակցելու որոշումը տրուած է հանրային կրթական մարզին եւ աշխատաւորներու իրաւանց նեցուկ կանգնելու Քասախեանի կեցուածնքերուն հիման վրայ։

0225Dario-Frommer-Ardy

Տարիօ Ֆրոմըր

Նշենք նաեւ, թէ Փետրուար 22ին, Կլենտէյլի Դեմոկրատ ակումբը, որ կը հանդիսանայ քաղաքի դեմոկրատներուն մեծագոյնը, քննած էր Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի ընտրութեանց մասնակցողներուն զօրակցելու հարցը։ 43րդ ընտրաշրջանի պարագային, ակումբի անդամներուն 75 տոկոսը քուէարկած է Քասախեանին զօրակցելու ի նպաստ։

Ակումբին ատենապետ Կարօ Աւանէսեան ողջունած է այս որոշումը՝ յիշեցնելով, որ Արտաշէս Քասախեան սոյն ակումբի երկարամեայ անդամ մըն է եւ իր գործունէութեամբ փաստած է, թէ Կլենտէյլի բնակչութեան համար վստահելի հանրային սպասարկու մըն է։

Ցարդ, ներկայ եւ նախկին հետեւեալ նահանգային խորհրդականները նեցուկ կը կանգնին Քասախեանին.

Ռաուլ Պոքանեկրա, Սթիվըն Պրետֆըրտ, Իըն Քալտերոն, Մեթ Տապապնէ, Մայք Կիփսըն, Ճեքի Կոլտպըրկ, Ատրին Նազարեան եւ Էնթընի Փորթանթինօ։

Քալիֆորնիոյ նահանգի քարտուղար Ալեքս Փըտիա, նահանգի գանձապետ Ճան Չիանկ եւ կրթական մարզի վերահսկիչ Թամ Թորլըքսըն եւս կը զօրակցին  Քասախեանին։ Նշենք, որ նախապէս քոնկրեսականներ Պրետ Շըրմըն, Ճեքի Սփիր եւ Ֆրենք Փալոն եւս յայտարարած էին, թէ նեցուկ կը կանգնին Քասախեանի ընտրութեան։

Քաղաքական անձնաւորութիւններու կողքին, շարք մը աշխատաւորական եւ դեմոկրատական միութիւններ կը զօրակցին Քասախեանին։

Արտաշէս Քասախեան ցարդ իր ընտրապայքարին համար ապահոված է աւելի քան 470,000 տոլարի նիւթական աջակցութիւն։ Ան հասակ նետած է Կլենտէյլի մէջ եւ առաջին անգամ այդ քաղաքի քարտուղար ընտրուած է 2005ին։ Ան վկայուած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն եւ ամբողջացուցած է Հարվըրտի համալսարանի «Քենետի» կառավարման վարժարանի վարչական ծրագիրը։

Քասախեան թեկնածու է Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի 43րդ ընտրատարածքի ընտրութիւններուն, որոնք տեղի պիտի ունենան Յունիս 7ին: Այս ընտրատարածքին մէջ կ՛իյնան նաեւ Կլենտէյլ, Լոս Ֆելիզ, Լա Քընիատա, Լա Քրեսենթա եւ Մոնթրոզ քաղաքները, ինչպէս նաեւ՝ Լոս Անճելըսի Էթուաթըր Վիլեճ, Արեւելեան Հոլիվուտ, Ֆրենքլին Հիլզ, Հոլիվուտ Հիլզ եւ Սիլվըր Լէյք շրջանները:

Արտաշէս Քասախեանի ընտրապայքարին նիւթապէս նեցուկ կանգնելու համար, այցելել www.ArdyforAssembly.com կայքը:

Այս ամսին կը յայտնէ Ասպարէզ:

Scroll Up