ՀՅԴ-ն Հրապարակեց Իր Պաշտօնեաներու Անունները
Արդէն տեղեկացուցած ենք, որ նախագահի նստավայրին մէջ ստորագրուած է ՀՀԿ-ՀՅԴ համագործակցութեան համաձայնագիրը: Լրագրողներուն հետ զրոյցին ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան ըսաւ, որ պաշտօններու հարցն այս համագործակցութեան առաջնային հարցը չէ, բայց ամէն պարագայի յստակութիւն մտցուց այս մասով ալ:
Այսպէս, Տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար` Դաւիթ Լոքեան, Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար` Լեւոն Մկրտչեան, Տնտեսութեան նախարար կը նշանակուի Արծուիկ Մինասեան: Շիրակի մարզպետ կը դառնայ Յովսէփ Սիմոնեան, իսկ Գագիկ Գէոզալեան կը նշանակուի Արագածոտնի մարզպետ: Այս մասին կը տեղեկանանք ՀՅԴ կուսակցութեան պաշտօնական` www.arfd.info կայքէն: