Էրզրումի Ազատագրութեան 100-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ` Ս.Փեթերսպուրկի Մէջ (տեսանիւթ)

Էրզրումի ազատագրման 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ տեղի ունեցած է Ս. Փեթերսպուրկի մէջ, կը հաղորդէ «Երկիր մետիա»-ն:

 Պատմական ակնարկէ ետք ներկաներուն ներկայացուած են Կարնոյ աւանդական պարերը:

 «Նոր սերունդ» կազմակերպութիւնը երկրորդ տարին ըլլալով գործարկած է նոր նախագիծ մը, որ կը կոչուի «Հայկական ճեմարան»: Նպատակն է ստեղծել հարթակ մը, ու կը քննարկուին հայագիտութեան ամենատարբեր ոլորտներուն վերաբերող հարցեր` հայ եւ օտար մշակութային գործիչներու մասնակցութեամբ:

 Էրզրումի ազատագրումը պատմական ակնարկով ներկայացուցած են փեթերսպուրկցի յայտնի պատմաբաններ Պորիս Քիփնիսը եւ Անտրէ Պարանովսքին:

Scroll Up