Թուրքիան Զէնքի Ներմուծման Բնագաւառին ՄԷջ Աշխարհի Վրայ 6-րդն Է

Խաղաղութեան հիմնահարցերու Սթոքհոլմի միջազգային ինստիտուտը (SIPRI)  ողջ աշխարհի մէջ զէնքի վաճառքի ծաւալներուն վերաբերեալ զեկոյց մը հրապարակած է: ermenihaber.am-ը կը գրէ, որ BBC-ի թրքական ծառայութեան տեղեկացմամբ` զեկոյցին համաձայն Թուրքիան զէնքի ներկրման ծաւալներով աշխարրի վրայ 6-րդ տեղը կը գրաւէ:

Ընդհանուր առմամբ` միջազգային շուկային մէջ զէնքի առեւտուրը 2011-2015թթ. ընթացքին նախորդող` 2006-2010թթ.  փուլին համեմատ նուազած է 14 տոկոսով:

Մասնաւորապէս, նշուած ժամանակահատուածին նուազած է զէնքի հոսքը դէպի Եւրոպա, իսկ Աֆրիքայի, Ասիոյ, Ովկիանոսի եւ Միջին Արեւելքի մէջ զէնքի ներկրման ծաւալները աճած են:

Միւս կողմէն, Միջին Արեւելքի` Թուրքիան եւ Իրանը ընդգրկող տարածաշրջանին մէջ վերջին հինգ տարիներուն ընթացքին զէնքի վաճառքի ծաւալը աճած է 61 տոկոսով:

Ողջ աշխարհի վրայ վաճառուող զէնքի  74 տոկոսը կ’արտահանուի ԱՄՆ-էն, Ռուսաստանէն, Չինաստանէն, Ֆրանսայէն եւ Գերմանիայէն:

ԱՄՆ-ը ամենաշատ զէնք կը վաճառէ Սաուտեան Արաբիային, Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններուն եւ Թուրքիոյ:

Ըստ SIPRI-ի հաշուետուութեան` Թուրքիան զէնքի արտահանման տեսակէտէն աշխարհի վրայ 16-րդ տեղը կը  գրաւէ:

Scroll Up