Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ Տեղի Ունեցաւ Գործակարգավարական Խորհրդակցութիւն

Փետրուար 22-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ գործակարգավարական խորհրդակցութիւն, որուն կը մասնակցէին նախարարի տեղակալներ Սերժ Սրապիոնեան եւ Վահագն Մելիքեան, աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան, կառուցուածքային ստորաբաժանումներու, «Հայրենիք-Սփիւռք կեդրոն» ՊՈԱԿ-ի, «Իմ Հայաստան» փառատօնի, «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականի ղեկավարները:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան բարձր գնահատեց Փետրուար 19-ին եւ 21-ին նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Մայրենիի օրուան առթիւ կազմակերպուած ձեռնարկները, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն կառոյցներուն ու անհատներուն, որոնք աջակցած էին ատոնց կազմակերպման եւ առանձնակի կարեւորեց Հանրապետութեան Նախագահի ուղերձը, որ ընթերցուեցաւ Օշականի մէջ, փոխվարչապետ Վաչէ Գաբրիէլեանի կողմէ:

Նախարարի խորհրդական Ստեփան Պետրոսեան ներկայացուց ԱՊՀ երկիրներու կրթամշակութային աջակցութեան, Սփիւռքի կրթօճախներուն ուսումնաօժանդակ գրականութիւն առաքման ծրագիրներու եւ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի նախապատրաստական աշխատանքներու ընթացքը, առկայ խնդիրները եւ ատոնց լուծման ուղղութեամբ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները:

 Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան յանձնարարեց շրջաբերական նամակով դիմել Սփիւռքի բոլոր դպրոցներուն եւ համահայկական կառոյցներուն` օժանդակելու հայոց լեզուի, երգի եւ պարի ուսուցիչներու վերապատրաստման «Սփիւռք» ամառնային դպրոցին մէջ:

 Աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան զեկուցեց Իրաւաբանական, Ֆինանսատնտեսական, Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու վարչութիւններու ընթացիկ գործունէութեան եւ իրականացուող ծրագիրներու կատարման ընթացքին մասին, ներկայացուց «Արի տուն» ծրագիրի նախապատրաստական աշխատանքները, Փետրուար 24-ին սուրիահայերու ընդելուզման խնդիրներուն վերաբերող աշխատաժողովի կազմակերպման հետ կապուած խնդիրները եւ սփիւռքահայ պատանիներու մասնակցութեամբ Մարտ 5-ին Եռաբլուրի մէջ կայանալիք ձեռնարկը:

 Նախարարի տեղակալ Վահագն Մելիքեան ներկայացուց Եւրոպայի եւ Ամերիկայի հայ համայնքներու, Հայրենադարձութեան եւ հետազօտութիւններու վարչութիւներու կողմէ իրականացուող աշխատանքներն ու ծրագիրները եւ «Հայկական Սփիւռք» տարեգիրքի պատրաստման ընթացքը:

 Յանձնարարուեցաւ Մարտ 3-ին կազմակերպել նախարարութեան պատուէրով իրականացուող հետազօտութիւններու իրականացման եւ հրատարակման վերաբերեալ գիտական կառոյցներու հետ  պայմանագիրներու կնքումը` ապահովելով ձեռնարկի լուսաբանումը:

 Նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան ներկայացուց Մամուլի եւ հասարակայնութեան հետ կապերու եւ տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութիւններու կողմէ իրականացուած աշխատանքները, զեկուցեց այլ երկիրներ ապրող հայ երիտասարդութեան շրջանին մէջ հայոց լեզուի իմացութեան բարձրացման նպաստող ծրագիրի մշակման, միսիոներներուն վերաբերող ձեռնարկին ընթացքին վերաբերեալ:

 Յանձնարարուեցաւ «Հայկական աշխարհը համացանցի վրայ» գիտաժողովի կազմակերպումը յետաձգել,  Մարտ 1-ին կազմակերպել շտեմարան մուտքագրուող տուեալներու վերաբերեալ քննարկում եւ ներկայացնել հաշուետուութիւն:

 Տրուեցան այլ յանձնարարականներ եւ ատոնք ժամանակին, արդիւնաւէտ ու հետեւողականօրէն իրականացնելու ցուցումներ:

1

Scroll Up