Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Բանաձեւը Ներկայացուցիչներու Պալատին Մէջ Ունի 60, Իսկ Ծերակոյտին Մէջ` 20 Աջակից

ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին ներկայացուած H-RES 154 «Ճշմարտութիւն եւ արդարութիւն» բանաձեւը, որ ներկայացուցած են քոնկրէսականներ Ատամ Շիֆը, Ռապըրթ Ճ. Տոլտը, Տէյվիտ Վալատաուն եւ Ֆրենք Փալոնէն, այս պահուն ունի 60 աջակից: armradio.am-ի փոխանցմամբ՝այս մասին կը տեղեկացնէ Հայ դատի յանձնախումբը:
Բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը սկսած է 1915-ի Ապրիլ 24-ին` Օսմանեան Թուրքիոյ պաշտօնեաներուն կողմէ հայ մտաւորականներու, քաղաքական գործիչներու եւ հոգեւորականներու ձերբակալութեամբ, որուն հետեւած են տղամարդոց, կանանց ու երեխաներու զանգուածային ջարդերն ու աքսորը` դէպքեր, որոնք կրկնուած են Հոլոքոսթի ժամանակ, Քամպոտիոյ, Ռուանտայի, Հարաւային Սուտանի եւ մնացած այլ ցեղասպանութիւններու ընթացքին:
Բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ Միցաեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային հայ-թրքական յարաբերութիւնները կառուցել Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան իրողութեան ճանաչման հիմքին վրայ: Բանաձեւին նպատակն է նաեւ ստեղծել Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած արդար եւ ամբողջական միջազգային արխիւ:
Հայ դատի յանձնախումբը յորդորած է Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ Փոլ Ռայեանին օրակարգ բերել բանաձեւը: Յանձնախումբը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Էտ Ռոյսին` բանաձեւին ցուցաբերած աջակցութեան համար:
Ցեղասպանութեան մասին միւս բանաձեւը` S-RES 140-ը, որ ներկայացուած է ԱՄՆ Ծերակոյտ, այս պահուն ունի 20 աջակից: Բանաձեւը ներկայացուցած են ԱՄՆ ծերակուտականներ Ռապըրթ Մենենտեսը, Մարք Քիրքը, Պարպարա Պոքսըրը եւ Քորի Կարտնըրը: S-RES 140 բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը մինչ օրս կը մնայ անպատիժ: