Նիւ Եորքի «Ս. Եւ Յ. Յակոբեան» Վարժարանի Աշակերտները Այցելեցին «Հայ տուն»

Բարեկենդանի նախորդող Շաբաթ օրը՝ Փետրուար 6-ին,
Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ «Սիւզան եւ Յովսէփ Յակոբեան» շաբաթօրեայ
վարժարանի աշակերտները, իրենց ուսուցչական կազմով եւ ծնողաց յանձնախումբով այցելեցին «Ֆլաշինկ»ի Հայ Տունը, ուր ջերմօրէն դիմաւորուեցան անձնակազմին կողմէ:
Խմբային լուսանկարէն ետք, վարժարանի տնօրէնուհի Նայիրի Զոհրապեանը, առաջնորդեց ներկաները դէպի հիւրասենեակ, ուր տեղւոյն երէց բնակիչները նստած անհամբեր կը սպասէին աշակերտներուն։
Աշակերտները պատրաստած էին կոկիկ յայտագիր մը որ կ՚ընդգրկէր ասմունք եւ խմբային երգեր։
Յայտագիրը սկսաւ Տէր Նարեկ Քհնյ.Թրթռեանի բացման խօսքով: Ան անդրադարձաւ Վարդանանցի խորհուրդին եւ փոխանցեց իր սրտի խօսքն ու բարեմաղթութիւնները «Հայ Տուն»ի բնակիչներուն։
Ապա վեցերորդ կարգի աշակերտները ասմունքեցին Վարդանանց Տօնի
նուիրուած «Քաջն Վարդան»ը, եւ Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք Իմ Որդուն» արտասանութիւնները։
Վարժարանի աշակերտներէն կազմուած երգչախումբը, ղեկավարութեամբ՝ Զէփիւռ Արծիւեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ Հայկուհի Մկրեանի հրամցուցին փունջ մը հայկական եկեղեցական եւ ազգային երգեր՝ «Հայր Մեր», «Սուրբ Աստուած», «Մեր Հայրենիք», «Դպրոցական Քայլերգ», «Հայ Ապրիք», «Գնդակ Որոտաց», «Զէյթունցիներ»…։
Հակառակ ցուրտ օդին, աշակերտները կրցան տաք մթնոլորտ մը ստեղծել, ուրախացնել եւ երջանկութեան սերմեր ցանել հայ մամիկներուն եւ պապիկներուն սրտերուն մէջ։
Բոլոր ներկաները ծափողջոյններով քաջալերեցին երեխաներուն եւ շատ զգալի էր տարեցներուն արտայայտութիւն ու հրճուանքը՝ իրենց դէմքերուն վրայ։ Բոլորին տրամադրութիւնները բարձր էին։
Յայտագրի աւարտին, տնօէնուհի Զոհրապեան շնորհակալութիւն յայտնեց «Հայ Տուն»ի բնակիչներուն, տնօրէնութեան ջերմ ընդունելութեան։ Նոյնպէս Տէր Նարեկ Քհնյ. Թրթռեան շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի ծնողաց յանձնախումբին,ուսուցչական կազմին եւ աշակերտներուն:
Այցելութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն «Հայ Տուն»ի մեծ ընտանիքին կողմէ։
Աւանդական դարձած այս այցելութիւնը երախտագիտութեան ,սիրոյ եւ յարգանքի այցելութիւն էր։ Աշակերտները վերադարձան դպրոց, սրտի մեծ գոհունակութեամբ, արժանանալով ծերերու օրհնութեան եւ աղօթքին։ Անոնք խոստացան կրկին այցելել «Հայ Տուն», յաջորդ տարեշրջանին եւ գեղեցիկ յայտագիրով մը ուրախացնել տեղւոյն բնակիչները։
Վարձքը կատար բոլոր անոնք որոնք ազգային ծառայութեան ճամբով, կամ անհատական մարդասիրական միջոցներով, հոգատար կ՚ըլլան կարօտեալ եւ կարիքաւոր տարեցներուն։
Մարիա Շամլեան – Եփրեմեան
Հայրենիք