Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Նոր Հոգեւոր Հովիւ Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանի Անդրանիկ Պատարագը

ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Կիրակի, Փետրուար 14ին, Տեառնընդառաջի տօնին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան այցելեց Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական համայնքին եւ նախագահեց նոր նշանակեալ հոգեւոր հովիւ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանի անդրանիկ Ս. պատարագին:
Հայր սուրբի քարոզէն առաջ խօսք առնելով՝ սրբազանը շնորհաւորեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական համայնքը, որ օժտուեցաւ նոր հոգեւոր հովիւով: Առաջնորդը հաւատացեալներուն ներկայացուց երիտասարդ հոգեւոր հովիւը ու խօսեցաւ անոր ծառայական կեանքին մասին՝ նշելով, որ ան թեմ առաքուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, եւ որ այս համայնքի ծառայութեան կոչուած է՝ թեմի Խառն ժողովին որոշումով: Ան կոչ ուղղեց համայնքի զաւակներուն, որ զօրավիգ կանգնին նոր հոգեւոր հովիւին եւ միասնաբար ծխական համայնքը տանին դէպի նոր նուաճումներ:
Ապա, խօսք առաւ պատարագիչ հայր սուրբը, որ իր այս նոր առաքելութեան համար երախտագիտութեան խօսք ուղղեց վեհափառին ու շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդին, ապա փոխանցեց տօնական օրուան՝ Յիսուս մանուկի տաճար ընծայման խորհուրդը վեր առնող պատգամ մը: Ան անդրադարձաւ տօնին կապուած աւանդութեանց՝ նշելով, որ այս տօնին, նորածին մանուկները Աստուծոյ կ՛ընծայաբերուին, ինչպէս Աստուածորդւոյն երկրաւոր ծնողները զայն ընծայաբերեցին Աստուծոյ: Այս տօնին կապուած է նաեւ խարոյկ վառելու աւանդութիւնը, որ կ՛արտայայտէ հաւատացեալներու կեանքն ու աշխարհը Քրիստոսի լոյսով լուսաւորելու խորհուրդը:
ՃԱՇԻ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆ
Պատարագէն ետք, կազ-մակերպութեամբ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ տիկնանց միութեան, «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշի հիւրասիրութիւն, ուր հրաւիրուած էին բոլոր ներկաները: Ճաշի աւարտին, խօսք առաւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Ռոստոմ Այնթապլեան, որ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդին եւ Խառն ժողովին, ապա բարի գալուստ մաղթեց հոգեւոր հովիւին՝ յոյս յայտնելով, որ հայր սուրբին ծառայութեամբ նոր խանդավառութիւն պիտի տարածուի գաղութէն ներս: Ան երախտագիտութեամբ յիշեց Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեանի անցած տարիներու ծառայութիւնը եւ զինք հրաւիրեց, որպէսզի իր սրտի խօսքը ուղղէ: Տէր Խորէն քահանայ եւս բարի գալուստ մաղթեց հայր սուրբին՝ վստահեցնելով, որ պատրաստ է ամէն գնով օգտակար դառնալու ի խնդիր գաղութի բարգաւաճումին: Խօսք առաւ նաեւ հայր Պարոյր, որ իր ուրախութիւնն ու անսակարկ ծառայութեան պատրաստակամութիւնը յայտնեց գաղութի զաւակներուն:
Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց առաջնորդը, որ կրկին անգամ շնորհաւորեց համայնքը՝ մաղթելով, որ եկեղեցի-ժողովուրդ կապը կ՛ամրանայ նոր երիտասարդ հոգեւոր հովիւի ծառայութեան շրջանին: Ան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց վեհափառին, որ թեմին տրամադրած է երկու միաբաններ, որոնք կոչուած են ծառայելու Սան Ֆրանսիսքոյի եւ Ֆրեզնոյի մեր ծխական համայնքներուն: Ան այս առիթով նաեւ գնահատանքով անդրադարձաւ տէր Խորէն քահանայի հնգամեայ ծառայութեան, օրհնեց ծխական համայնքի զաւակները եւ նոր վերելք մաղթեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին:
Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ: