Արտուինի ՄԷջ Արտակարգ Իրավիճակ Յայտարարուած Է

Թուրքիոյ Արտուին նահանգին մէջ հանքաարդիւնաբերական կեդրոն կառուցելու դէմ դուրս եկած բնապահպաններու, քաղաքական գործիչներու ու հազարաւոր քաղաքացիներու բողոքի ցոյցերը ցրելու համար իշխանութիւնները արտակարգ դրութիւն յայտարարած են:
Թրքական Sozcu պարբերականի փոխանցմամբ` թրքական իշխանութիւնները մեծ թիւով ոստիկաններ ու ոստիկանութեան զինծառայողներ տեղափոխած են Արտուին, որմէ յետոյ փակած են Արտուին մտնող ու դուրս եկող ճանապարհները:
news.am-ի փոխանցմամբ` կը նշուի, որ Թուրքիոյ տարբեր վայրերէ Արտուինի բնութիւնը պաշտպանելու համար հանրակառքերով դէպի Արտուին կը մեկնին բազմաթիւ քաղաքացիներ, որուն դէմը առնելու համար իշխանութիւնները որոշած են արտակարգ դրութիւն յայտարարել` խուսափելու համար ոստիկանութեան ու քաղաքացիներու միջեւ բախումներէն:
Նշենք, որ Արտուինի մէջ մետաղներու արդիւնահանման համար նախատեսուած է անտառներու հատում, որ կատղեցուցած է տեղի բնակչութիւնը ու բազմաթիւ բնապահպաններու: