Շուէտի Մէջ Հակահայկական Ցոյցը Տապալած Է

Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ գտնուող Հայաստանի դեսպանատան մօտ հաւաքուած էին քանի մը տասնեակ ատրպէյճանցիներ` Խոճալուի դէպքերուն հետ կապուած բողոք-ցոյց իրականացնելու նպատակով:
Այստեղ, սակայն, անոնց դիմաւորած են տեղի Դաշնակցութեան երիտասարդական կառոյցներու ներկայացուցիչները: yerkirmedia.am-ի փոխանցմամբ` անոնք Եռագոյնները ձեռքերնին կանգնած են դեսպանատան մօտ եւ թոյլ չեն տուած ատրպէյճանցիներուն ապատեղեկատուութիւն տարածել: Ցոյցը տապալուած է: