Արցախեան Շարժման 28-Ամեակին Նուիրուած Մտաւոր Խաղ

Փետրուար 21-ին Արցախի զօրամասերէն մէկուն մէջ կազմակերպուեցաւ «Պիտի գնանք` վաղ թէ ուշ» խորագիրով մտաւոր  խաղ` նուիրուած Արցախեան շարժման 28 ամեակին: Խաղի նախաձեռնողն ու կազմակերպիչը ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութիւնն էր:

aparaj.am-ի փոխանցմամբ` խաղին կը մասնակցէին` «Մոնթէ», «Մարտիկ», «Նժդեհ», «Ֆիասքօ» եւ «Դուշման» խումբերը:

Խաղի երեք փուլերու արդիւնքով յաղթող ճանչցուեցաւ «Մոնթէ» խումբը, երկրորդ տեղը գրաւեց «Ֆիասքօ» խումբը, երրորդ տեղ` «Մարտիկ» խումբը:

Զօրամասի ֆիզիքական պատրաստութեան պետ  Ալեքսանդր Յարութիւնեան ողջունած է ԱԵՄ-ի  նախաձեռնութիւնը եւ նշած, որ նման ձեռնարկներ աւելի յաճախ պէտք է կազմակերպուին, քանի որ կը նպաստեն մասնակիցներու մտաւոր մարզման ու բանակ-հասարակութիւն կապի սերտացման:

Մասնակից խումբերը պարգեւատրուեցան նուէրներով եւ պատուոգիրներով:

մրցույթ մրցույթ1

Scroll Up