Որքա՞ն Է Թուրքիոյ Ազգային Փոքրամասնութիւններու Թուաքանակը. Հայ Պատգամաւորին Հարցանդումը

Թուրքիոյ ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական կուսակցութենէն» (ԺՀԿ-CHP) ընտրուած պատգամաւոր հայկական ծագում ունեցող Սելինա Տողան ներքին գործոց նախարարին հասցէագրուած հարցապնդում մը ներկայացուցած է խորհրդարանին: Այս մասին կը հաղորդէ ermenihaber.am-ը:

Տողան Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Էֆքան Ալայէն հետաքրքրուած է Թուրքիոյ մէջ բնակող հայ, յոյն, հրեայ, եւ ասորի փոքրամասնութիւններու թուաքանակին մասին: Տողան «Տեղեկատուութիւն ստանալու մասին» օրէնքի ծիրէն ներս նոյն թեմային վերաբերեալ տուեալներ ստանալու նպատակով դիմած է նաեւ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան բնակչութեան եւ քաղաքացիներու գործերու գլխաւոր վարչութեան:

Տողան ներքին գործոց նախարարին ուղղած իր հարցապնդման մէջ յիշեցուցած է, որ փոքրամասնութիւններու նկատմամբ «ազգութեան քոտ»-ի կիրառման նպատակայարմարութեան վերաբերեալ Մէճլիսի մէջ տեղի ունեցած քննարկման ժամանակ նախարար Ալան նշած էր, որ այդ քոտաւորումը (յատուկ ծածկագիրներու օգտագործումը) ազգային ինքնութիւններու հետ կապ չունի: Ըստ նախարարին՝ ատոր նպատակը ազգային փոքրամասնութիւններու թուաքանակը հաշուելն է:

«Բնակչութեան թուաքանակի եւ ժողովրդագրական պատկերի իմացութիւնը հանրային ծառայութիւններու իրականացման եւ ծրագրաւորման տեսանկիւնէ շատ կարեւոր է: Փոքրամասնութիւնները իրենց հանրային ծառայութիւնները (ուսում, կրօնական արարողութիւններ, առողջապահութիւն) հիմնականօրէն կը հոգան իրենց հիմնադրամներու միջոցով: Այդ իսկ պատճառով փոքրամասնութիւններու հիմնադրամները համայնքի հանրային ծառայութիւնները կարգաւորելու համար ուղղակի պարտաւոր են իմանալ համայնքի թուաքանակը: Բացի այդ քրիստոնէական համայնքները, որոնք իրենց բնակչութեան ճշգրիտ թուաքանակը չեն կրնար իմանալ, կը դժուարանան նոյնիսկ հոգեւոր առաջնորդներու ընտրութեան հարցով:

«Այս պարունակին մէջ ո՞րքան է Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացի հանդիսացող հայերուն, հրէաներուն, յոյներուն ու ասորիներուն թիւը»,- ըսուած է հարցապնդման մէջ:

Scroll Up