Հայաստանի Մէջ Զգայական Արհեստագիտութեան Խոստմնալից Կարելիութեանց Քննարկում

Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան կազմակերպութեամբ, Երեքշաբթի, Փետրուար 23ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, «Փարսընզ» հիմնարկի շէնքի սրահին մէջ (100 W. Walnut Street, Pasadena, CA 91124) տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ զգայական նորարար արհեստագիտութեան խոստմնալից կարելիութեանց նուիրուած քննարկում մը:

Հայաստանի մէջ ստեղծուած եւ արտադրուած այս մարզի արդիական սարքաւորումները միջազգային ճանաչման արժանացած են եւ շարժած են հետաքրքրութիւնը նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներու հայրենիքի ապահովութեան նախարարութեան, որ կը քննէ նման սարքաւորումներ իր սահմաններուն վրայ օգտագործելու կարելիութիւնը։ Սարքերը կրնան գործածուիլ նաեւ ուժանիւթի հանքերու յայտնաբերման եւ բժշկական մարզերուն մէջ։

Վերոնշեալ քննարկումը պիտի առաջնորդեն զգայական արհեստագիտութեան յայտնի մասնագէտներ Լեւոն Թորոս եւ Ռենտըլ Քնար։

Տեղի սահմանափակ ըլլալուն համար, կը խնդրուի տեղեր ապահովել՝ դիմելով

Areg.gharabegian@parsons.com հասցէին: Մուտքը ազատ է։

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.aesa.org կայքը:

Scroll Up