Տեառնընդառաջի տօնը Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ

Կիրակի՝ 14 Փետրուար 2016ին, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ՝ Տեառնընդառաջի տօնին առիթով։
Պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ Սմբատ Վրդ. Սապունճեան։ Հայր Սուրբը իր քարոզին մէջ ըսաւ .- «Այսօր այստեղ ներկայ եղող մեր

մայրերը իւրաքանչիւրը մէկ անգամ աւելիով արդէն Աստուծոյ նուիրած է իր զաւակը: Մեզմէ իւրաքանչիւրը կրկին ու կրկին ընդառաջ եկած է Աստուծոյ առջեւ՝ այս եկեղեցւոյ սուրբ յարկին տակ հաւաքուելով, մեր անձերը ընծայելու Քրիստոսի օրինակին հետեւելով: Առաւել եւս, այս եկեղեցւոյ ու համայնքի շուքին ներքեւ, շատ մը սերունդներ իրենց կեանքը նուիրեցին ազգային ու հոգեւոր արժէքներու պահպանման, սերունդներ՝ որոնք այլ սերունդներ պատրաստելով յանձնեցին ազգային ու հոգեւոր արժէքներու պահպանման կտակը, միշտ վառ պահելու Թեսաղոնիկէի հայ համայնքի բոցավար ջահը: Եւ այսօր, ինչպէս որ Քրիստոս ընծայուեցաւ տաճար, մենք ալ որպէս Քրիստոսի սիրեցեալ զաւակները կþընծայուինք մեր եկեղեցւոյ, մեր համայնքին, այլ խօսքով՝ մենք որպէս ընծայ կը ծառայենք մեր ազգային ու հոգեւոր արժէքներուն պայծառացման համար»։ 
Պատարագի աւարտին մանուկները ընծայուեցան Ս. Խորանին առջեւ եւ ապա եկեղեցւոյ բակին մէջ վառուեցաւ Տեառնընդառաջի աւանդական խարոյկը:

Թղթակից

Ազատ օր

Scroll Up