Թումանեանի Հետքերով

Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի 6րդ կարգի աշակերտները իրենց թատրոնի դասապահի աշխատանքները լրումին հասցուցին Փետրուար 2, 2016ին։

Արդարեւ, Հոլիվուտի Հայ կեդրոնը խանդավառութեամբ զեղուն էր այդ օրը… 6րդ կարգի աշակերտները կերպարանափոխուած էին, իսկ իրենց սեփական տուներէն բերած իրերով ու երբեմն ձեռագործ աշխատանքներով կերպարանափոխած էին նաեւ Հայ կեդրոնի հայաբոյր սրահը:

Ամիսներէ ի վեր, անոնք կ՛աշխատէին իրենց թատրոնի դասատուին՝ Կասիա Մահսէրէճեանի հետ, Թումանեանի երկու հեքիաթներ՝ «Ոսկի Քաղաքը» եւ «Քաջ Նազար», կեանքի կոչելու համար: Տիկին Կասիան, իր երկար տարիներու փորձառութեամբ, գործի լծած էր բոլոր աշակերտները, իսկ անոնք վարպետութեամբ եւ հմտութեամբ, իրենց դերասանական ու բեմական բոլոր աշխատանքները վճռական ինքնավստահութեամբ կատարեցին՝ վայելք պատճառելով ներկաներուն եւ մանաւանդ իրենց ծնողներուն ու դասատուին:

Աշակերտները առաջին հերթին ներկայացուցին «Ոսկի Քաղաքը» հեքիաթը: Հեքիաթը աշակերտական թատրոնի վերածած էր գրագէտ Սարգիս Մահսէրէճեան, որ ներկայ էր յատուկ հրաւէրով՝ վայելելու համար իր հաւատացած գործին արդիւնքը:

Բաւական հաճելի ու մասնագիտական էր մանկական այս թատրոնը, ուր աշակերտները համակ խանդավառութեամբ կրցած էին կերպարները մարմնաւորել ու փոխնիփոխ իրենց տողերը տպաւորիչ կերպով ներկայացնել՝ արուեստի նկատմամբ իրենց բծախնդրութիւնն ու նախանձախնդրութիւնը յստակ դրսեւորելով։

Տիպարները կը մարմնաւորուէին քանի մը աշակերտներու միջոցաւ, եւ անցումը կը կատարուէր մեծ վարպետութեամբ: Անոնք նաեւ լաւ հասկցած էին թատրոնի պատգամը, ու յստակ կերպով այդ պատգամը փոխանցեցին ներկաներուն՝ արժանանալով անոնց գնահատանքին:

Երկրորդ կիսուն, 6րդ կարգի երկրորդ բաժանմունքը ներկայացուց «Քաջ Նազար» անմահ տիպարը՝ համանուն հեքիաթի բեմականացումով: Հոս եւս աշակերտները մասնագէտի վարպետութեամբ կրցան մարմնաւորել Նազարը եւ իր քաջագործութիւնները: Անմահ Թումանեանի ստեղծած բոլոր ժամանակներու Նազարը աւելի մատչելի ու հասանելի էր 11-12 տարեկան պատանի պարմանուհիներուն: Անոնք արդէն իսկ շատ լաւ գիտէին թէ, նազարներ մի՛շտ պիտի ըլլան իրենց շրջապատին մէջ ու անոնք երբեմն անարդարօրէն պիտի փայլին տգիտութեամբ հպարտացող շրջանակներու մէջ:

Վերջաւորութեան, «Ոսկի Քաղաքը» եւ «Քաջ Նազար» թատերգութիւններուն բոլոր դերակատարները բեմ բարձրացան, զոյգերով պարեցին ու խոնարհեցան իրենց աշխատանքը բարձրօրէն գնահատող ներկաներուն առջեւ:

Կեանքի փորձառութիւն, ընկերային անմոռանալի պահեր, հաճելի կատակներով զարդարուած տիպարներ եւ ամէնէն աւելին՝ հայ թատրոնը անմահացնող բացառիկ առիթներ: Ահա՛ այս բոլորը կրցան մէկտեղել 6րդ կարգի մեր շա՜տ սիրելի եւ հնարամիտ աշակերտները, իրենց աշխոյժ դասատուին ցուցմունքներով:

Աւարտին, Սարգիս Մահսէրէճեան իր շնորհաւորական խօսքն ու գնահատականը փոխանցեց՝ առաջին հերթին բոլոր աշակերտներուն եւ ապա դասատուին ու Ազգային վարժարանին, որոնք բծախնդրութեամբ իրենց արդար աշխատանքը կը մատուցեն հայ արուեստին ու մշակոյթին:

Իմաստուն խօսքը կ՛ըսէ. «Ինծի թատրոն տուէք եւ ես ձեզի ժողովուրդ կը յանձնեմ»… Իսկապէ՛ս, աշակերտները կրցան հայ ազգը մարմնաւորող հայ լեզուն, մշակոյթն ու արուեստը ծաղկեցնել իրենց մէկուկէս ժամուան ներկայացումին ընթացքին: Հաւատքով կատարեցին իրենց ուսերուն վրայ դրուած ծանր աշխատանքը: Ապրի՛ք…

Կասիա Մահսէրէճեան աշակերտները շնորհաւորեց եւ պատուեց անհատական գնահատագիրներով, որպէս զիրենք խթանող ազնիւ յանձնարարական՝ հայ արուեստին ու մշակոյթին ծառայելու իրենց առաքելութեան ճանապարհին ընթացքին:

Կ՛արժէ յիշել նաեւ, որ ձեռնարկին ընթացքին սուրիահայութեան օժանդակութեան համար դրամահաւաք տեղի ունեցաւ. իրենց սրտաբուխ նուիրատուութիւններով, աշակերտները կրցան 660 տոլար հաւաքել՝ SARF-ին կազմակերպած Փետրուար 21ի թելեթոնին համար:

Ապրի՛ն մեր աշակերտները, ուսուցիչները եւ ծնողները, որոնք միասնաբար հայակերտումի եւ մարդակերտումի առաքելութիւնը յաջողութեամբ կը պսակեն:

ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ

asbarez.com

Scroll Up