Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Հայրենի Անուանի Գեղանկարիչ Փարաւոն Միրզոյեանի Գեղանկարներու Անդրանիկ Ներկայացում` Լիբանանի Մէջ
Հայրենի անուանի գեղանկարիչ Փարաւոն Միրզոյեան իր պատկերներով առաջին անգամ ըլլալով ներկայացաւ լիբանանեան հասարակութեան: Անոր ներկայացուցած 22 իւղաներկ եւ 13 փասթել գործերուն մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէին բնանկարները, այլ խօսքով` անոր գեղանկարները կը կրէին Հայաստանի հաւաքական նկարագիրը:
Փարաւոն Միրզոյեանի ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ երէկ` չորեքշաբթի, 17 փետրուար 2016-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ` հովանաւորութեամբ Տըքուենիի քաղաքապետ Անթուան Շախթուրայի: Հանդիսութեան ներկայ էին Տըքուենիի քաղաքապետ Անթուան Շախթուրա, Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով արուեստասէրներ:
Փարաւոն Միրզոյեան
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Անժելա Տաղլեան: Ան ներկայացնելով Փարաւոն Միրզոյեանը ըսաւ, թէ մեծ հռչակ վայելող արուեստագէտը արժանացած է հայկական եւ միջազգային բազմաթիւ մրցանակներու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական նկարիչի կոչումին (2014-ին): Միրզոյեան 2002-2014 վարած է Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի տնօրէնի պաշտօնը, իսկ ներկայիս կը ղեկավարէ Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի կերպարուեստի ամպիոնը: Ապա մէջբերելով հայրենի արուեստաբան Կարէն Միքայէլեանի վկայութիւնը ըսաւ. «Միրզոյեանի գեղանկարչութիւնը լեցուն է բերկրանքով ու գեղեցկութեամբ, կեցութեան եւ հոգեկան ազատութեան զգացումով: Ընդհանուր առմամբ Միրզոյեանի արուեստը Հայաստանի ամբողջական կերպարն է` սովորական կաղապարներէն հեռու: Անոր բնապատկերներն ու մարդիկ հանդէս կու գան իբրեւ հայ իրականութեան յուզիչ, զգացական գեղարուեստական կերպարներ, որոնք լիովին զերծ են պատմողականութենէ»: Տաղլեան իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց Տըքուենիի քաղաքապետ Անթուան Շախթուրային, որ մեծ սիրով ստանձնած է ցուցահանդէսին հովանաւորութիւնը:
Անթուան Շախթուրա
Ելոյթ ունեցաւ Տըքուենիի քաղաքապետ Անթուան Շախթուրա: Ան խօսքին սկիզբը նշեց, թէ հայութիւնը լիբանանեան հասարակութեան մէկ կարեւոր բաղադրիչը կը կազմէ, եւ թէ Լիբանանի մէջ հայութեան հետ խաղաղ ու համերաշխ համակեցութիւնը ունի տասնամեակներու պատմութիւն: Ապա ըսաւ, թէ պատիւ ունի հովանաւորելու Հայաստանէն եկած վաստակաւոր հայ արուեստագէտի մը ցուցահանդէսը:
Անթուան Շախթուրա Լիբանանի ներկայ քաղաքական անկայուն վիճակին, նախագահական թափուր աթոռին եւ մանաւանդ աղբերու կուտակման պատկերներուն հակադրեց կազմակերպուած ցուցահանդէսին գեղեցկութիւնն ու հմայքը: Ան ըսաւ, թէ պատկերները կ՛արտացոլեն Հայաստանի եւ հայութեան իսկական գեղեցկութիւնը: Իսկ իր խօսքի աւարտին մեծ յաջողութիւն մաղթեց Փարաւոն Միրզոյեանին եւ ըսաւ, թէ Տըքուենիի քաղաքապետարանը միշտ հայութեան կողքին պիտի մնայ:
Խօսք առաւ նաեւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն-գրատարածի եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան: Ան ըսաւ, թէ Փարաւոն Միրզոյեանի արժէքը միայն գեղեցիկ պատկերներուն մէջ չի կայանար. Միրզոյեան հայակերտումի աշխատանքին մեծ ծառայ մըն է, որովհետեւ շնորհիւ Միրզոյեանին մեծ թիւով ուսանողներ կը հետեւին անոր գեղանկարչական խորհուրդներուն ու ցուցմունքներուն: Յակոբ Հաւաթեան արուեստագէտին մաղթեց արգասաբեր տարիներ եւ գործի առաքելութեան բարի երթ: Օգտուելով առիթէն իր ելոյթի ընթացքին Հաւաթեան ողջոյնի խօսք ուղղեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ ու լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանին դիւանագիտական պատասխանատուութեան աւարտին առիթով եւ ըսաւ, թէ դեսպան Աշոտ Քոչարեան վեց տարիներու ընթացքին դեսպանատան նեցուկը ի սպաս դրած է հայրենի մշակոյթի ճառագայթման` լիբանանահայ գաղութի եւ լիբանանեան շրջանակներուն մէջ: Այս առիթով Յակոբ Հաւաթեան հրաւիրեց ցուցասրահի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Արմէնեանը, որ յուշանուէր մը յանձնէ դեսպան Աշոտ Քոչարեանին` իբրեւ երախտագիտական արտայայտութիւն Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» սրահին կողմէ: Իսկ խօսքի աւարտին Հաւաթեան շնորհակալութիւն յայտնեց Տըքուենիի քաղաքապետ Անթուան Շախթուրային, որ միշտ հայութեան լաւ բարեկամ եղած է:
Խօսք առաւ նաեւ դեսպան Աշոտ Քոչարեան: Ան ըսաւ, թէ վեց տարիներու ընթացքին ականատես եղած է բազմաթիւ ու բազմաբնոյթ ձեռնարկներու: Բոլոր պարագաներուն ալ համագործակցութիւնը դեսպանատան հետ միշտ ալ եղած է արդիւնաւէտ եւ նպատակային: Ան ըսաւ, թէ հպարտութիւն է, երբ Հայաստանէն կու գան Փարաւոն Միրզոյեանի նման գեղանկարիչներ, որոնք ունին համաշխարհային համբաւ: Եւրոպական տարբեր երկիրներու մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէսները լաւագոյն փաստն են հայ ժողովուրդի տաղանդին, ոճին եւ անկոտրում կամքին: Քոչարեան շնորհաւորեց Փարաւոն Միրզոյեանը ցուցահանդէսի կազմակերպումին առնչութեամբ եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց: Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բոլոր մարմիններուն, ղեկավարութիւններուն եւ անհատ բարեկամներուն, որոնք ամէն ատեն ջերմ վերաբերմունք ցուցաբերած են ու եղած են դեսպանութեան կողքին:
Խօսք առաւ արուեստագէտ Փարաւոն Միրզոյեան: Ան իր խօսքին սկիզբը յայտնեց իր տպաւորութիւնները Լիբանան առաջին այցելութեան առիթով: Ան ըսաւ, թէ հայուն համար օտարութեան մէջ ապրիլը միշտ դժուար եղած է, բայց կը հաւատայ, որ մեծ արուեստը կը ստեղծուի հայրենի հողին վրայ միայն: Խօսքի աւարտին Միրզոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցահանդէսի կազմակերպումին համար:
Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 4 մարտ 2016, ամէն օր առաւօտեան ժամը 9:30-էն սկսեալ մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:30:
Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ: