Համազգայինի Ալեքսանտրուպոլսոյ մասնաճիւղը կը հրատարակէ «Փարոս» պարբերաթերթը

Յունաստանի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութեան Ալեքսանտրուպոլսոյ «Արամ Խաչատուրեան» մասնաճիւղը, մեր գաղութին մէջ առաջին անգամ ըլլալով, նոր էջ մը կը բանայ հրատարակչական մարզէն ներս, մասնաճիւղի 4էջեայ շաբաթաթերթ-պարբերաթերթը հրատարակելով։
Այս աշխատանքին նախաձեռնութիւնը կը պատկանի նորակազմ վարչութեան անդամներուն, որ կը բաղկանայ հետեւեալ ընկերներէ՝ Մարիամ Փեթեւոսեան, Հրայր Տաղլեան, Գայեանէ Դաւիթեան, Սոֆիա Ամիրխանեան, Մարտուն Մամաճանեան։ Խմբագրական գլխաւոր պարտաւորութեամբ լիազօրուած է վարչութեան քարտուղար Լիբանանէն վերջերս Յունաստան հաստատուած ընկ. Հրայր Տաղլեան, որ գրական ճաշակով, հետախուզող մտքով ու հետաքրքրութեամբ ձեռնարկած է այս գրասէր ու գրաճանչ գործին։
Կը մաղթենք, որ Ալեքսանտրուպոլսոյ համայնքը՝ «Փարոս»ը ապրեցնէ իր միութենական, գաղութային կեանքին մէջ։
Եւ ինչպէս հասկցաք մեր պարբերաթերթին անունը «Փարոս» է։ Փարոս, որ կը լուսաւորէ նաւերու ճանապարհը, բայց նաեւ գաղութի լուսաւոր ճամբան, իր ցանկացած հանգրուանին հասցնելու համար։
Սփիւռքի բոլոր գաղութները նոյնն են, բայց յաճախ կը յատկանշուին իրենց իւրայատուկ ստեղծագործական նախաձեռնութիւններով։
Միութիւնները դիմագիծ կþունենան եւ այդ դիմագիծը կը զօրանայ ու կը զօրացնէ իր նկարագիրը հայութեան ներկայի ու ապագայի ուղեցոյցը հանդիսացող շնորհունակ ու ձեռնհաս պատկերացումներով։
Արագ աչք մը նետենք շաբաթաթերթի ճոխ բովանդակութեան վրայ։
Նախ՝ հիմնադիր թիւի խմբագրականը, պատրաստուած ներշնչեալ ու ներշնչող պատգամներով, որ լոյս կը տեսնէ կողքի սիւնակին մէջ։
Նոյն էջին մէջ լոյս կը տեսնէ Համազգայինի հիմնադրութեան, հիմնադիրներու եւ անցած ուղիի պատմութիւնը։
Եւ նիւթերը կը ճոխանան յարակից դասաւորումով.¬ հանճարեղ հայ գիւտարարներու կենսագրականներ, հայկական անցեալի պատմութեան գրած մարդոց մասին տուեալներ, հայկական նշանաւոր տօներու պատմութիւն ու դէմքեր, հայկական խօսքերու, դարձուածքներու նմուշներ, ծաղրանկարներ, Բարեկենդանի պատմութեան իմաստը եւ վերջապէս հայկական գիտելիքներու տուեալներ, ծանօթութիւններ։ Փոքրիկ համայնագիտարան մը։
Վստահ ենք, որ այս թերթի էջերուն վրայ պիտի ցոլանայ միութեան անդամներու ոգեւորութիւնն ու խանդավառութիւնը, անգամ մը եւս փաստելով, որ մեր հոգեւոր ու մտային բարոյական արժէքները չքացած չեն, անտեսելով կեանքին մէջ տիրող աշխարհաքաղաքատնտեսական տագնապները եւ բոլորին համար դերեր ու պաշտօններ յանձնելով։
Բարի երթ. գիրը-գրականութիւնը սահման չունի, արուեստի յատկանիշներ ունի, որ կրնանք ապաւինիլ իր վրայ։
Համազգայինի թղթակից
Ազատ օր