Հայ Դիրքապահներու Ուղղութեամբ Հակառակորդը Նախորդ գիշեր Կիրառած է Հան-17 Տիպի Նռնականետ

Փետրուար 15-ին եւ լոյս 16-ին ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագծին հակառակորդը, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ,  հայդիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 800 կրակոց:

ԼՂՀ ՊՆ մամուլի ծառայութեան հաղորդած տեղեկութիւններով` ՊԲ հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ հակառակորդը կիրառած է նաեւ Հան-17 տիպի նռնականետ:

ՊԲ առաջապահ զօրամասերը կը շարունակեն լիակատար վերահսկողութիւն պահպանել առաջնագծի վրայ եւ վստահօրէն իրականացնել մարտական դիրքերուն պահպանութիւնը:

Scroll Up